ԼԱԼԻԿ Ո. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ- ԼԱՓՈՅԵԱՆ
Մարդ արարածը ժամանակաւոր կերպով կ՛այցելէ այս աշխարհը, կ՛անցնի ու կ՛երթայ։ Բայց ես հաւատացողն եմ, որ ամէն անգամ, երբ ան որոշում մը կ՛առնէ եւ կ՛իրագործէ զայն, իր յղացած գաղափարներն ու զգացած ապրումները, որոնք կը բնորոշեն այդ արարքը, կ՛արձագանգեն իր ընկերային շրջանակին մէջ, ինչպէս խճաքար մը կը գոյացնէ կլոր շրջագիծեր, երբ նետուի լճի խաղաղ ջուրերուն մէջ։

Հետեւաբար ամէն քայլ, որ կ՛առնուի անձի մը կողմէ իր կեանքի ճանապարհին մէջ կը ներփակէ պատասխանատուութիւն անոր ներքին ու արտաքին աշխարհի ընթացքին եւ ուղղութեան գծով. ու երբ անհատ մը գիտակցի իր այդ կարողութեան, եւ ըստ այնմ ստանձնէ իր յատուկ դերը իր միջավայրին մէջ, ան կ՛իմաստաւորէ իր կեանքը, կ՛ազնուացնէ հոգին, ու կը դառնայ դրական ուժ եւ ազդակ՝ ի նպաստ ոչ միայն իր շրջապատին, այլ նաեւ մարդկային քաղաքակրթութեան աճման։
Այս գաղափարներով է որ ողողուած էր միտքս, երբ վերադարձայ տուն Ուրբաթ գիշեր, Օգոստոս 28, 2ՕՕ9ին, ճաշկերոյթէ մը ետք, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ, տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Պէքի Պէրպէրեաններու բնակարանին մէջ, Կլէնտէյլ։
Ձեռնարկի հիմնական նպատակն էր՝ պատուել Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, նախկին ճեմարանական, Հոլիվուտի «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնէն նոր հրաժարած դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը: Ձեռնարկի նպատակն էր նաեւ ողջունել նոր նշանակեալ տնօրէնը, դարձեալ նախկին ճեմարանական՝ Նազօ Աբանեանը:

Ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ներկայացուցիչներ՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի ուսումնական մարմինի, ուսուցչական կազմի եւ Ծնողական յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ այլ ժողովականներ, բարեկամներ եւ Պէրպէրեան, Եագուպեան, Աբանեան ընտանիքներու անդամներ։
Աւազանին մօտ, պարտէզին մէջ գաղութի շատ սիրուած «Էլէմընդ Պենտ» երաժշտական խումբի տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ ղեկավարութեամբ Արա Տապանճեանի, մասնակցութեամբ ջութակահար Շանթ Մահսէրէճեանի եւ երգչուհի Սօսէ Քէշիշեանի, ճոխացուցին մթնոլորտը հայկական ջերմ ու հարազատ եղանակներով։ Տէր եւ Տիկին Սարգիս Պէրպէրեաններ ոչինչ խնայած էին իրենց ազնիւ հիւրասիրութեան մէջ։
Ընթրիքէն ետք գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, զոր վարեց «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի վաստակաւոր ուսուցչուհի Յասմիկ Թաշճեան:
Տիկին Թաշճեան գնահատեց դոկտ. Եագուպեանի «գերազանց ծառայութիւնը», որուն շնորհիւ իր ղեկավարած դպրոցը կարելի եղած էր «բարձրացնել աննախընթաց մակարդակի»:
Թաշճեան ընդգծեց, որ դոկտ. Եագուպեան դպրոցէն ներս կրցաւ ստեղծել «առողջ եւ շինիչ հոգեմտաւոր, հարուստ մթնոլորտ մը, ուր պատրաստուեցան հայ սերունդներ՝ գիտակից իրենց ազգային ժառանգութեանց ու արժէքներուն, ինչպէս նաեւ հմուտ՝ դիմագրաւելու կեանքը»:
Տիկին Թաշճեան ապա բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքով դիմեց նորանշանակ տնօրէնին՝ Նազօ Աբանեանին, որ անծանօթ մը չէ դպրոցին, «այլ՝ յարգելի պաշտօնակից մը ու բարեկամ մը»:
«Ինծի համար ուրախութիւն է տեսնել երիտասարդ ուժեր, որոնք կը նուիրուին նոր սերունդի պատրաստութեան», յայտնեց տիկին Թաշճեան՝ աւելցնելով, որ ուսուցչական կազմը պատրաստ է լիովին թիկունք կանգնելու նոր տնօրէնին:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Մանուշակ Մարգարեան, որ նախ անդրադարձաւ իր կազմակերպութեան ստանձնած կարեւոր առաքելութեան եւ հայ մշակոյթին ծառայելու անոր կոչումին, ապա վկայակոչեց «Համազգային»ի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը՝ շեշտելու համար ազգային դպրոցի ու համազգային նպատակներու համահունչ ըլլալը. «Ազգային դպրոցը կը զարգացնէ աշակերտը ոչ միայն ուսմամբ ու դաստիարակութեամբ, այլ նաեւ անոր մէջ կը սերմանէ հայու ոգին ու ինքնութիւնը: Որքա՛ն ալ կարեւոր է աշակերտի այբուբենն ու հայոց պատմութիւնը սորվեցնել, նա արդիւնաբեր եւ իմաստալից կը դառնայ միայն, երբ հայու շունչն ու պարծանքը եւ անոր պատկանելիութիւնը կը փոխանցենք մեր երիտասարդներուն»:
Մարգարեան իր խօսքին մէջ բերաւ նաեւ «Ալէք Փիլիպոս»ի աշակերտներէն ու ուսուցչական կազմէն վկայութիւններ՝ դոկտ. Եագուպեանի ներդրումը գնահատող:
Մարգարեան նաեւ մեծապէս գնահատեց դոկտ. Եագուպեանի դերը Համազգայինի Շրջանային ղեկավար մարմնին մէջ, որուն նախագահն է, ընդգծելով կազմակերպութեան աշխատանքներուն դաշտը ընդարձակելու, երիտասարդ տաղանդն ու ուժերը ներգրաւելու գործին մէջ անոր բերած մեծ նպաստը:
Խօսք առաւ նաեւ Ուսումնական մարմինի անդամ Մէյրի Տէմիրճեան, որ մատնանշեց դոկտ. Եագուպեանի ներդրումը «Ալէք Փիլիպոս»ը ոչ միայն հայկական չափանիշներով, այլեւ համաամերիկեան մակարդակի վրայ լաւագոյն կրթական հաստատութեան մը վերածելու գործին մէջ: Իբրեւ լաւագոյն ապացոյց այս իրագործումին, Մ. Տէմիրճեան նշեց «Ալէք Փիլիպոս»ի շրջանաւարտներուն բարձր տոկոսով ընդունուիլը ամէնէն յայտնի համալսարաններուն կողմէ:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կողմէ ելոյթ ունեցաւ Մակի Սարքունի, որ կեդրոնացաւ դոկտ. Եագուպեանի իւրայատուկ կարողութեան վրայ՝ համայնքին պատկանող ու այդ իսկ բերումով բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ծնողներու հետ լեզու գտնելու, բոլորին համար համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու եւ դպրոցը սահուն կերպով ղեկավարելու: Սարքունի նաեւ գնահատեց դոկտ. Եագուպեանի նախանձախնդրութիւնն ու ճիգը՝ նոր տնօրէնին իր պատասխանատուութեան փոխանցումը ամէնէն սահուն կերպով կատարելու գծով:
Հրաժեշտ տուող տնօրէնը հրաւիրուեցաւ ելոյթի, որուն մէջ զգալի էր թէ՛ կատարած աշխատանքի արդար հպարտանքը եւ թէ՛ հեռանալու իր իսկ որոշումին պատճառած ափսոսանքը:
Դոկտ. Եագուպեան յիշատակեց դրուագներ իր տասնվեցամեայ պաշտօնավարութենէն, նաեւ իր գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բոլոր պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնց նեցուկին եւ համագործակցութեան շնորհիւ, ինք կրցած էր դպրոցը տանիլ դէպի յառաջ:
Խօսք առաւ նաեւ նոր տնօրէն Նազօ Աբանեան, որ յոյս յայտնեց, թէ պիտի կարենայ արդարացնել բոլորին յոյսերն ու սպասումները, եւ պահպանել նուաճուած մակարդակը՝ ձգտելով հասնիլ նաեւ աւելի մեծ բարձունքներու:
Անշուշտ մեծ մարտահրաւէր մըն է ասիկա, զոր դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն յայտնեց պարոն Աբանեան, որուն առաջին աշխատանքային հարցազրոյցը եղած է նոյն դոկտ. Եագուպեանի կողմէ, երբ ինք դիմած էր «Ալէք Փիլիպոս» վարժարան՝ իբրեւ ուսուցիչ:
Պէյրութ ծնած, Համազգային Նշան Փալանճեան վարժարանէն շրջանաւարտ Աբանեան, Երեւանի պետական համալսարանէն մագիստրոսի վկայական ստանալէ ետք, եկած էր Լոս Անճելըս եւ առաջին գործը եղած էր դիմել «Ալէք Փիլիպոս»: Դոկտ. Եագուպեան ընդունած էր զայն եւ անոր վստահած հայկական բաժանմունքի ղեկավարութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ միացաւ նախկին խօսողներուն՝ գնահատելով դոկտ. Եագուպեանին վաստակը, յաջողութիւն մաղթելով անոր նոր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ իր եւ ազգային մարմիններու պատրաստակամութիւնը փոխանցեց օժանդակելու նոր տնօրէնին՝ լաւագոյնս կատարելու համար իր դժուարին ու պատասխանատու գործը:
æերմ մթնոլորտ կը տիրէր Պէրպէրեաններու օճախէն ներս: Դպրոցի ու «Համազգային»ի բարեկամները իսկապէս ապրեցան յուզախառն պահ մը: