ԾԱՆՕԹ.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը պարբերաբար կը հրատարակէ իր տեղեկատուն եւ նկարազարդ լուրերով մասնաճիւղի աշխատանքները կը փոխանցէ իր անդամ-անդամուհիներուն, նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ համակիրներուն:
ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղը հիմնուած է 1979ին եւ այս տարի պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 30ամեակը:
Մասնաճիւղի վերջին տեղեկատուն նուիրուած էր ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերուն: Այս առիթով կը հրատարակենք վարչութեան խմբագրականը եւ Նաւասարդեանի մասնակցութեան նկարներէն փունջ մը:
—————————————————————————————————————–
ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը իր ժրաջան վարչութեամբ եւ իր յառաջացուցած յանձնախումբերու լրիւ անձնակազմերով, ամիսներէ ի վեր մեղուաջան աշխատանքի լծուած էր, ամբողջապէս պատրաստ ըլլալու ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու եզրափակիչ մրցումներուն եւ փակման հանդիսութեան:
Արդարեւ, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի մասնաճիւղերու երկրորդն է իր թուական պատկերով, ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն ետք: Տեղին է այստեղ արձանագրել, որ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին «Մասիս» մասնաճիւղը ինքզինք գերազանցեց, թիւով ստուարացաւ, որակով բարձրացաւ, ուռճացաւ ու բարգաւաճեցաւ՝ շնորհիւ վարչութեան հետեւողական աշխատանքի նուիրուածութեան, հայ մատղաշ սերունդը ֆիզիքապէս առողջ, նկարագրով անբասիր, հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած գիտակից կոչումին:
Միութենական հպարտութեամբ կը շնորհաւորենք «Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսին արժանացած մասնաճիւղիս վեթերան եղբայրներէն՝ եղբ. Զաքար Չորպաճեանը եւ իր սիրասուն կինը՝ Մարին:
Կոչ կ՛ուղղենք շրջանիս բոլոր ծնողներուն, որպէսզի իրենց հոգեհատորներուն քայլերը առաջնորդեն միանալու եւ խտացնելու շարքերը այս անզուգական մեծ կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄին:
Ձեր զաւակները մեզի կու գան մատաղատի մանուկներ եւ տարիներու ընթացքին միութեան պատասխանատու եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգատար խնամքին տակ, կը դառնան խոստմնալից պարման-պարմանուհիներ, քաջառողջ, ամբողջապէս հայ, կատարեալ հայրենասէր:
Գնահատելի է ձեր մասնակցութիւնը եւ քաջալերանքը:
Մեր յաջողութիւնը կատարեալ չի կրնար ըլլալ առանց ձեզի: