ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով, Գորիսի մէջ կը կառուցուի սրտաբանական հիւանդանոց, որ պիտի գործէ իբրեւ Երեւանի սրտաբանական կեդրոնի մասնաճիւղ:
Հիւանդանոցը նախատեսուած է Հայաստանի հարաւային շրջաններէն եւ Արցախէն օրական 20 այցելու եւ 16 մնայուն հիւանդ սպասարկելու համար։ Հիւանդները Երեւան հասնելու փոխարէն, բժշկական օգնութիւն պիտի ստանան նորակառոյց հիւանդանոցին մէջ, ուր պիտի ապահովուի որակեալ եւ մատչելի բժշկական սպասարկութիւն։
Ծրագիրի նիւթական բաժինը տրամադրած են հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը, Մարսէյի «Հայաստան-Ֆրանսա» առողջապահութեան միութիւնը եւ Պիւշ Տիւ Ռոն հարաւային նահանգը: Գումարին զգալի մասը յատկացուած է ֆրանսահայ բարերար Գրիգոր Շահինեանին կտակէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.