ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մշակոյթի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժած են Աթէնքի մէջ մահկանացուն կնքած՝ քրտական երաժշտութեան հանրայայտ մեկնաբան, հայ արուեստագէտ Արամ Տիգրանը Տիարպէքիրի մէջ յուղարկաւորելու անոր ընտանիքին եւ թրքաբնակ քիւրտերուն խնդրանքը:
Մերժումը կը հիմնաւորուի այն փաստով, որ հայկական, քրտական, թրքական եւ արաբական բազմաթիւ երգերու խօսքերու եւ երաժշտութեան անուանի հայ հեղինակը Թուրքիոյ քաղաքացի չէ:
Ըստ Տիարպէքիրի մէջ ստեղծուած յուղարկաւորման յանձնաժողովի յայտարարութեան, քրտական երաժշտութեան մեկնաբան Արամ Տիգրան Տիարպէքիրի մէջ թաղելու թրքական իշախանութիւններու թոյլտուութիւնը՝ թրքաբնակ քիւրտերուն կողմէ կրնայ դիտուիլ իբրեւ քրտական խնդիրի լուծման ուղղուած դրական քայլ մը Թուրքիոյ մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.