ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՏԻ.ՍԻ.- Ամերիկայի բանուորները, վերջին վեց տարիներուն համեմատ աննախընթաց արդիւնաւէտութիւն ցոյց տուած են իրենց աշխատանքին մէջ:
Արդարեւ, ԱՄՆի աշխատանքի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագրին համաձայն, ամերիկացի բանուորները ժամական իրենց արտադրողականութիւնը աւելցուցած են 6.4 տոկոսով:
Այս տարուան առաջին կիսամեակի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է նաեւ, որ աշխատանքային ծախսերը նուազած են 5.8 տոկոսով:
Նշենք, որ վերջերս աւելցած է այն տնտեսագէտներուն թիւը, որոնք տնտեսութեան անկումային վիճակին աւարտը կը տեսնեն շատ մօտիկ:
Տնտեսական լուրերու գծով նաեւ յայտնենք, որ Չինաստանի կողմէ քարիւղի աննախընթաց պահանջքի լոյսին տակ, հում քարիւղի տակառին գինը բարձրացած է՝ հասնելով 71 տոլարի: