Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած «Ֆաթհ» շարժումը քսան տարուան ընդհատումէ ետք, իր առաջին ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընտրեց նոր սերունդէ բաղկացած ղեկավարութիւն մը՝ ներառեալ Իսրայէլի մէջ բանտարկուած զինեալ թեւի ղեկավար Մարուան Պարղութին։
Կուսակցութեան պաշտօնատարները Երեքշաբթի օր յայտնեցին, որ միջկուսակցական խոր վիհերը դարմանելու ձգտող ընդհանուր ժողովին ընթացքին, կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուողներուն շարքին է իսրայէլացիներու դէմ հինգ մահաբեր յարձակումներու մէջ իր դերակատարութեան համար Իսրայէլի մէջ ցկանս բանտարկութեան դատապարտուած 50ամեայ Պարղութին, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող անձնաւորութիւն մըն է։
Ընտրուողներուն շարքին են նաեւ ներքին ապահովութեան նախկին ղեկավար, 56ամեայ Ժըպրիլ Ռաժուպ եւ Կազայի մէջ նախկին ղեկավարներէն Մոհամատ Տահլան։
Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Ահմատ Քորէյ կը գտնուէր վեթերան կուսակցականներու շարքին, որոնք կորսնցուցած են 21 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական կոմիտէին մէջ իրենց աթոռը։ «Ֆաթհ»ի 10 «հին պահակներէն» միայն չորսը յաջոցեղան վերընտրուիլ։
Ընդհանուր ժողովը նաեւ 120 անդամներէ բաղկացած Յեղափոխական խորհուրդին համար նոր անդամներ ընտրեց։
«Ֆաթհ», որ տարիներու ընթացքին հեռացած է զինեալ պայքարէն, ընդգծեց Իսրայէլի հետ բանակցուած խաղաղութեան իր յանձնառութիւնը, սակայն շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը «բռնագրաւումին դիմադրելու իրաւունք»ը ունի, բան մը, որ արժանացաւ իսրայէլացի նախարարներու բուռն հակազդեցութեան։ Անոնք յայտնեցին, թէ այդ կէտը ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլի հետ փոխզիջումային համաձայնութեան մը հասնելու իսկական փափաք գոյութիւն չունի։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Երկուշաբթի օր աւելի հեռուն երթալով՝ իրեն այցելող ամերիկեան Քոնկրէսի դեմոկրատական անդամներուն յայտնեց, թէ բոլոր պաղեստինցիները ներկայացնող իսկական մարմին մը գոյութիւն չունի, միայն «Կազայի մէջ՝ Համաս-տան եւ Այսրյորդանանի մէջ Ֆաթհ-լանտ մը»:
«Երուսաղէմի, վերադարձի իրաւունքի եւ բնակեցման վայրերու վերաբերեալ պաղեստինցիներուն արմատական եւ անզիջող կեցուածքները մեր եւ անոնց միջեւ անկամրջելի վիհ մը կը ստեղծեն», ըսաւ ան։