ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
8 Օգոստոսը առանձնայատուկ նշանակութեամբ յիշարժան օր է Հայաստանի եւ հայութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ։
8 Օգոստոս 1990ի թուակիր եւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ հրապարակուած ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարագրով՝ ճիշդ 19 տարի առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բացայայտեց կազմակերպական իր ներկայութիւնը ամբողջ Հայաստանի տարածքին։
Բացայայտմա՛ն քայլ էր եղածը։ Որոշապէս կու գար յստակացնելու, որ արդէն կազմուած է ու կը գործէ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը։ ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարագիրը պարզապէս եւ պաշտօնապէս կը տեղեկացնէր հայ ժողովուրդին, որ Դաշնակցութիւնը կազմակերպական ներկայութիւն է այլեւս Հայաստանի տարածքին։
Յայտարարագիրը հանրութեան ներկայացուցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեան եւ փոխ–ներկայացուցիչ ընկեր Հրաչ Տասնապետեան, որոնք հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար պատմական այդ օրերուն կը գտնուէին Երեւան։
Իրաւամբ պատմական տարողութեամբ ու կարեւորութեամբ դարձակէտ կազմող օրեր էին՝ ո՛ղջ հայութեան համար, հայրենի ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը։ Թէեւ պաշտօնապէս Հայաստան տակաւին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն էր, բայց Մայիսին տեղի ունեցած Գերագոյն Խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած էր 1988ի Արցախեան պահանջատիրութեամբ շղթայազերծուած համաժողովրդական շարժումը։ Թէեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պարտուած էր ատենի իշխանաւոր Կոմկուսը, բայց տակաւին լծակներ ունէր՝ դժուարացնելու համար նորընտիր Գերագոյն Խորհուրդի մեծամասնութեան կամքը արտայայտող ղեկավարութեան ձեւաւորումը։ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան ընտրութիւնը ուշացնող դժուարութիւնները ի վերջոյ յաղթահարուեցան եւ Օգոստոս 4ին Լեւոն Տէր–Պետրոսեան ընտրուեցաւ ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ։
Փաստօրէն Հայաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքը թեւակոխած էր հիմնովին նոր հանգրուան մը, որ համապատասխան զօրաշարժի եւ գօտեպրկումի հրամայականին առջեւ կը դնէր հայ քաղաքական բոլոր հոսանքները՝ հայրենի նորակազմ շարժումներէն մինչեւ պատմական երկար ուղի կտրած հայ ազգային կուսակցութիւնները։
Որոշապէս Դաշնակցութիւնը ամբողջական յանձնառութեամբ տէր կանգնեցաւ իր բաժին պատասխանատուութեան։
Ինչպէս որ օրին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի վաստակաշատ երկու ընկերները, Հայաստանէն իրենց վերադարձին, Փարիզ հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Կամք»ին հետ կատարուած միացեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը շեշտէին, Դաշնակցութիւնը այլեւս չէր կրնար սահմանափակուիլ միայն ընդյատակեայ գործունէութեամբ՝ սեփական հայրենիքին մէջ։ Նոյնինքն Գերագոյն Խորհուրդի ամպիոններէն եւ համաժողովրդային հաւաքներու բեմահարթակներէն, ինչպէս եւ մամուլի էջերէն, շարունակաբար Դաշնակցութեան կ՛ուղղուէին Հայաստան վերադարձի կոչեր։ Նաեւ՝ դիտողութիւններ, թէ ինչո՛ւ կ՛ուշանայ Դաշնակցութեան Երկիր վերադարձը։ Այն աստիճան՝ որ յեղափոխական ժամանակներու յատուկ մթնոլորտին մէջ, յառաջ եկած էին նաեւ ինքնակոչ դաշնակցականներ… Ահա թէ ինչո՛ւ հասունցած էր բացայայտման պահանջը։
Արցախեան շարժման 1988ի Փետրուարեան պոռթկումի օրերուն արդէն ճամբայ հանուած եւ Օգոստոս 1988ի ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր Ժողովի կողմէ հաստատագրուած «Դէպի Երկիր» շրջադարձով՝ Դաշնակցութիւնը փաստօրէն «վերադարձած էր» Հայաստան։
Դաշնակցութեան հայրենական կազմակերպութիւնը, 1933ի ՀՅԴ 12րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ պաշտօնապէս լուծարուելէ ետք, իբրեւ ազգային–քաղաքական մտածողութիւն եւ աւանդ բնականաբար շարունակեց ապրիլ հայրենի հայութեան մէջ։ Եւ ահա եկած էր ժամանակը, որպէսզի նաեւ կազմակերպականօրէն վերընձիւղուի հայրենի հողին վրայ։
Այդպէս ալ եղաւ։
Թէեւ տակաւին ընյատակեայ, բայց արդէն Երեւանէն մինչեւ Արցախ՝ կազմակերպականօրէն ճիւղաւորուած ներկայութիւն էր Դաշնակցութիւնը, երբ 8 Օգոստոս 1990ին ՀՅԴ Բիւրոն հրապարակեց բացայայտման Յայտարարագիրը։
Եւ պատահական չէր, որ Դաշնակցութեան կազմակերպական ներկայութեան բացայայտման ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարագիրը, անմիջապէս, խանդավառութեամբ ընթերցուեցաւ թէ՛ նորընտիր Գերագոյն Խորհուրդի նիստին, թէ՛ Ազատութեան հրապարակի հանրահաւաքի բեմահարթակէն։
Նաեւ ուշագրաւ է, որ նոյն օրերուն, Գերագոյն Խորհուրդ այցելելով եւ ընդունուելով ԳԽի նորընտիր նախագահութեան անդամներուն կողմէ – որոնց շարքին՝ նաեւ վարչապետութեան թեկնածու Վազգէն Մանուկեան –, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները յանուն Դաշնակցութեան շնորհաւորեցին Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի ԳԽի նախագահ ընտրութիւնը։ Միաժամանակ՝ արդէն իշխանութեան հասած «Հայոց Համազգային Շարժման» ղեկավարութեան փոխանցեցին Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը, ամբողջական յանձնառութեամբ եւ բոլոր ուժերու անսակարկ լարումով, լծուելու հայրենիքի պաշտպանութեան, վերականգնման, հզօրացման եւ բարգաւաճման նուիրական գործին։
Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի հետագայ զարգացումները պիտի գային հաստատելու, որ հայրենի հողի վրայ Դաշնակցութեան կազմակերպական վերընձիւղումը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ այնքան խանդավառութեամբ ցուցաբերուած գործակցութեան պատրաստակամութիւնը համապատասխան ընդունելութեան չարժանացան ՀՀՇական նորահաստատ իշխանութեանց կողմէ։
Բայց այդ ամէնը արդէն առանձին քննարկումի եւ յուշարծարծման կը կարօտի։
Այսօր՝ լուսարձակը կեդրոնացնենք 8 Օգոստոս 1990ի յիշարժան թուականին վրայ, որ ազգային–պատմական եւ քաղաքական–այժմէական առումներով դարձակէտ մը կը խորհրդանշէ այլեւս հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ։