ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախորդ տարուան այս ժամանակահատուածին համեմատ, Սեւանայ լիճի մակերեսը բարձրացած է 14 ս.մեթրով:
Ըստ Հայաստանի հիտրօ-օդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինկի պետական ծառայութեան, Հայաստանի մէջ աւարտած են գիւղատնտեսական մշակաբոյսերու վնասատուներուն եւ հիւանդութիւններուն դէմ պայքարի աշխատանքները: Հովիտային եւ նախալեռնային շրջաններուն մէջ կը շարունակուին հացահատիկի, բանջարեղէնի, պտղատու ծառերու բերքահաւաքն ու հունձքը: Վերջին երեք օրերուն հանրապետութեան գետերէն դէպի Սեւան հոսող ջուրերը աւելցած են, եւ անոր իբրեւ արդիւնք, 1 սմ բարձրացած է լիճին մակերեսը։