ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».- Արցախի անկախութեան օրուան առիթով, «Հայ փոքրիկ երգիչներ» միջազգային ընկերակցութիւնը Սեպտեմբերին պիտի իրականացնէ բարեգործական նախագիծ մը, որուն իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը։
Նոյն ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի իրականանան երգչախմբային փառատօներ՝ «Անկախ Արցախ» խորագիրով, Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ: Փառատօներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը:
Խթանելու համար Արցախի մէջ երգչախմբային արուեստի զարգացման եւ տարածման գործին, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Տիգրան Հեքեքեան, փառատօնի ընթացքին արցախեան խմբավարներուն եւ երգչախումբերուն համար պիտի ներկայացնէ յատուկ դասեր եւ բաց փորձեր։