ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք մտաւորականներ նեցուկ կանգնեցան կառավարութեան քրտական հարցի մերձեցման նոր քաղաքականութեան, ու ընդդիմադիրներէն պահանջեցին, որ դէմ չգան այս ծրագրին։ Ոստիկանական վարժարանին մէջ անցնող շաբաթավերջին կազմակերպուած աշխատաժողովի ընթացքին, մեծ թիւով յօդուածագիրներ խօսք առին եւ ուզեցին, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս գործընթացին։ Անոնք ընդգծեցին, որ այս խնդիրին մէջ վերջին խօսքը կը պատկանի Թուրքիոյ խորհրդարանին ու հոն է, որ լուծումը պէտք է գտնուի։
Պահչէշէհիր համալսարանի վերատեսուչ Տէնիզ Իւլքէ Արըպողան դիտել տուաւ, որ ասիկա «Թուրքիոյ մեծ ծրագիր»ն է։ Ինք կողմնակից չէ, որ հարցը կոչուի «քրտական հարցի մէջ նոր էջի բացում», որովհետեւ ան շատ աւելի լայն ծրագիր է։ Ան ըսաւ, թէ պէտք է լաւ յարաբերութիւններ հաստատուին ոչ թէ միայն Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ, այլ շրջանի միւս երկիրներու մէջ բնակող քիւրտերուն հետ եւս։ Թուրքիա այլեւս պէտք է դադրի ներամփոփ երկիր մը ըլլալէ, ըսաւ ան:
Լրագրող ու դասախօս Ահմէտ Ալթան նոր քաղաքականութեան համար կատարուած աշխատանքը դրական քայլ նկատեց, սակայն ըսաւ, որ եթէ նախատեսուածները չիրականանան, ապա դէպի նախկին դրութեան վերադարձը պիտի ըլլայ շատ աղէտալի։ «Պէտք է ընդունուի, որ քիւրտ հայրենակիցներն ալ Թուրքիոյ պետութեան հայրենակիցներն են», ըսաւ ան՝ միաժամանակ քննադատելով ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան «ջղայնոտ կեցուածքը»։ «Այդ կուսակցութեան ոճը ընդդիմադիր կուսակցութեան ոճ չէ», ըսաւ ան։
Հրապարակագիր ու դասախօս Պասքըն Օրան եւս կարեւոր նկատեց, թէ ամէն հատուածէ գաղափար առնուի։ Ան ըսաւ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այս հանգրուանին կրցաւ հասնիլ, որովհետեւ նախկիններէն կը տարբերի ազգասիրական քարոզչութիւն չընելով։ «Ազգասիրական քարոզչութիւնը շատ բան կը խանգարէ», ըսաւ ան:
Դասախօս Տողու Էրկիլ ըսաւ, որ այս քաղաքականութեան նպատակը պէտք չէ ըլլայ միայն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան չէզոքացումը եւ կոչ ըրաւ փոխելու նաեւ զինուորական յեղաշրջումէն ետք գրուած սահմանադրութիւնը։
Լրագրող Ճէնկիզ Չանտար իր կարգին յիշեցուց, որ Էրտողան առաջին թուրք վարչապետն է, որ «քրտական հարց» բառերը արտասանեց, սակայն այդ հողատարածքի մարդիկ այնքան վարժուած են յուսախաբ ըլլալու, որ եթէ այս անգամ եւս նոյնը պատահի, Էրտողանի դէմ վստահութիւնը եւս պիտի անհետանայ։ «Այս պատճառաւ ալ անմիջապէս պէտք է շարժման անցնիլ։ Այս ձեռնարկը անկասկած պիտի վայելէ երկրի բոլոր հատուածներուն զօրակցութիւնը», ըսաւ ան։
Մտաւորականները նաեւ յայտնեցին, թէ պետութիւնը պէտք է նկատի առնէ նաեւ Ապտուլլահ Օչալանի կարծիքներն ու ցուցմունքները։
Աշխատաժողովին ներկայ գտնուեցաւ ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայ, որ մօտաւորապէս հինգ ժամ շարունակ մտիկ ըրաւ ու նօթեր առաւ, առանց ելոյթ ունենալու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.