ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահի միջազգային հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամատով յայտնած է, որ մինչ Արցախի գծով ամբողջ աշխարհին ծանօթ է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը, թէ՝ տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի դիրքորոշումը յաճախակի կերպով փոխելը լուծումը կ՛արգելակէ։
«Եթէ Հայաստան, Ատրպէյճանի նման կամք ցուցաբերէ եւ իր կարելին ընէ տագնապի լուծման համար, տագնապը պիտի լուծուի համանախագահներէն անկախ», ըսած է ան եւ աւելցուցած՝ «Համանախագահներէն իւրաքանչիւրը երկիր մը կը ներկայացնէ, անոնք պարզապէս կը փորձեն տագնապի լուծումը պարզացնել։ Անշուշտ համանախագահները որոշ ատենէ մը ի վեր աշխատած են, այս դաշտին մէջ փորձառութիւն ունին։ Կը կարծեմ, որ անոնք մինչեւ այս տարուան աւարտը պիտի աշխատին»։
Մամատով յայտնած է, որ «Հայաստանի վրայ ճնշումները աւելցած են։ Հայաստան-Թուրքիա հարցեր, բանակցութիւններու վերջին գործընթաց, տագնապի լուծման հանդէպ համանախագահ երկիրներուն շահագրգռութիւնը, Ատրպէյճանի նախագահին վերջերս կատարած քայլերը, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ Իտալիոյ մէջ կատարած միացեալ յայտարարութիւնը, Մատրիտի սկզբունքներուն շուրջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տեսակէտը եւ այս հարցին մէջ Ռուսիոյ աշխուժութիւնը Հայաստանի վրայ ճնշումը կը բարձրացնեն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.