ՎԷԼԻ ԿԼԷՆ.- Սան Ֆերնանտօ հովիտի Դեմոկրատ կուսակցութիւնը, Երկուշաբթի, Օգոստոս 3ին կայացած ժողովի մը ընթացքին, միաձայնութեամբ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ ընտրաշրջանի ընտրութեան իր թեկնածութիւնը դրած Փօլ Գրիգորեանին: 57-0 քուէարկութիւնը աննախընթաց էր կուսակցութեան այս մասնաճիւղի պատմութեան մէջ:
Սեպտեմբեր 22ին կայանալիք ընտրութեանց մասին խօսելով՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Գրիգորեան կը յայտնէ, թէ տնտեսական ճգնաժամին ու անորոշութեան այս օրերուն, կարեւոր աշխատանք կայ տարուելիք տեղական մակարդակի վրայ եւ այդ պատճառով է, որ ինքը որոշած է այս ընտրութեանց մասնակցիլ: Ան նաեւ կը մատնանշէ, թէ ուրախ է այն իրողութեամբ, որ շրջանի Դեմոկրատ կուսակցութիւնը որոշած է միաձայնութեամբ նեցուկ կանգնիլ իր ընտրապայքարին՝ յաղթանակը աւելի իրականանալի դարձնելով: «Որոշումը ցոյց կու տայ, որ ընտրապայքարս համայնքին հետ գործակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ եւ համայնքին համար է», կ՛աւելցնէ Գրիգորեան:
Արդէն իսկ աւելի քան երկվեցեակ մը համայնքային կազմակերպութիւններ, քաղաքական ղեկավարներ ու անհատներ, նեցուկ կանգնած են Գրիգորեանի ընտրապայքարին: