ՓՐՈՎԻՏԵՍՆ.- Յուլիս 2էն 5, 2009ին, Փրովիտենսի (Ռոտ Այլընտ) մէջ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՄԸՄի 19րդ միջմասնաճիւղային մրցումները, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Մարզիկներ, սկաուտներ, անդամներ, համակիրներ միասնաբար ապրեցան անմոռանալի շաբաթավերջ մը: Բացման հանդիսութեամբ, մրցումներով, հաւաքներով, հանդիպումներով, խրախճանքներով, տողանցքով եւ ապա փակման հանդիսութեամբ, «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»ը ընթացաւ իր ազնուագոյն սկզբունքով ու երթով, եւ իրագործեց իր սուրբ առաքելութիւնը: