ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- Յունիս 27ին, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Տիթրոյիթի «Ազատամարտ» Կոմիտէութեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց մը՝ նիւթ ունենալով հայթրքական յարաբերութիւնները:
Օրուան հանդիսավար ընկեր Կէտիկեան, ներկայ հասարակութեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկայացուց օրուան զրուցաբեր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հայկ Օշականը:
Բանախօսը յայտնեց թէ հիմնախնդիր է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացումը եւ այդ առնչութեամբ, տեղին է սահմանել ՀՅԴի մտահոգութիւնը եւ դիրքորոշումը, եւ հրաժարումը համախոհական կառավարութենէն:
Հայաստանի ապագային համար առնուելիք որեւէ որոշումի մէջ, պէտք է նկատի առնել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի դիրքորոշումները: Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց սկսելու որոշման ընթացքին, Հայաստանը պէտք էր նկատի առնէր շրջանի քաղաքական հոսանքները ու դիրքորոշումները», նշեց բանախօսը, որ աւելցուց, թէ Խորհրդային անկումէն ետք, Թուրքիան իբրեւ Ատլանտեան ուխտի ՆԱԹՕի անդամ, սկսաւ խելացի եւ հեռատես քաղաքականութիւն մշակելու՝ դառնալով շրջանի կարեւոր դերակատարներէն մէկը:
«Անցնող 1015 տարիներուն, Թուրքիա սկսաւ իր արտաքին յարաբերութիւնը բարելաւելու շրջակայ երկիրներուն հետ: Սուրիոյ հետ շարունակ կը գործակցի, յատկապէս ջրաբաշխման մարզէն ներս: Վերջերս Պարսկաստանի ընտրութիւնը չքննադատեց Թուրքիան, այլ շնորհաւորեց Մահմուտ Ահմատինեժատի վերընտրութիւնը: Պալքանեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններն ալ բարելաւուեցան», ըսաւ Օշական՝ յայտնելով, թէ տնտեսապէս այնքան մը զօրացած է որ եղած է Աշխարհի 18րդ տնտեսական ուժը՝ գերազանցելով Սէուտական Արա-բիան:
Օշական աւելցուց, որ թէեւ Կիպրոսի հարցը տակաւին անլոյծ կը մնայ, եւ Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւնները տակաւին ցուրտ են, Թուրքիա լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ Եւրոպական միութեան հետ, անոնց բնական կազ տրամադրելով Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն: Այս բոլոր գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մէջ, Թուրքիա կը հանդիսանայ շրջանի կեդրոնական դերակատարը: Օշական ըսաւ, թէ Վրաստանի դէպքերէն ետք Ռուսիա իր յարաբերութիւնները սկսաւ բարելաւելու Թուրքիոյ հետ. «Չմոռնանք նաեւ նշելու, թէ Թուրքիան միջնորդ է Ատրպէյճանի եւ Արցախի հարցին մէջ: Այսպէս, Թուրքիա յանկարծ դարձաւ կարեւոր երկիր մը՝ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Պալքանեան երկիրներու հետ իր մշակած լաւ յարաբերութիւններուն» նշեց Օշական:
Ան նաեւ հաստատեց, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ջերմ են: Ռուսիա, ներկայիս 500 միլիոն տոլար կը տրամադրէ Հայաստանի, որուն ներքին կառոյցը կը գտնուի Ռուսիոյ հովանաւորութեան տակ: «Ռուս-թրքական յարաբերութեանց սերտացումը, մեզ դժուար կացութեան մէջ կը դնէ: Ռուսիա պարտադրեց, որ Հայաստան բանակցութեան մէջ մտնէ Թուրքիոյ հետ: Վրաստանի պատերազմին պատճառով, Հայաստանի՝ արտաքին աշխարհին հետ արեւտուրի հիւսիսի ճամբան գոցուեցաւ, եւ Հայաստան տնտեսական դժուարութեան մէջ ընկղմեցաւ: Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները պէտք է բացուին: Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճնշում բանեցուցին Հայաստանի վրայ, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութեան սկսի: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ունի իր տեսակէտը… այս բոլոր պարագաները իրենց դերը խաղացին, որպէսզի Հայաստան Թուրքիոյ հետ բանակցութեան սկսի», մեկնաբանեց բանախօսը:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան կեցուածքին՝ Օշական դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները սկսան տասը ամիս առաջ, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մաս կը կազմէր: «Մեզի համար երկու կարեւոր հարց կար այս բանակցութեանց մէջ. Առաջին՝ սահմաններու հարցը: Թուրքիա կ՛ուզէր, որ Հայաստան ճանչնայ ներկայ սահմանները: Այսինքն, այդ ընելով՝ մենք կը կորսնցնենք մեր հողային պահանջատիրութիւնը: Երկրորդ՝ Ցեղասպանութեան հարցը: Մեզի համար Ցեղասպանութեան իւրողութիւնը բանակցութեան հարց չէր… Մենք հակառակեցանք բանակցութեան մէջ այս ձեւի գաղափարներուն ներկայութեան, իսկ նախագահ Սարգսեան մերժեց մեր առաջարկները», յայտնեց Օշական, որ նաեւ աւելցուց, թէ բանակցութիւններու վերջին շաբաթներուն նախագահ Սարգսեան վստահեցուցած է, թէ Թուրքիոյ կողմէ եկած պայման պիտի չընդունուի, եւ եթէ որեւէ յառաջդիմութիւն չպատահի, ան բանակցութիւնները պիտի խզէ:
Աւարտելով իր խօսքը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Հայկ Օշական ներկայացուց ՀՅԴի դիրքորոշումը, նշելով, թէ՝
Ա. Թուրքիան է, որ սահմանները փակեց: Հետեւաբար առանց նախապայմանի պէտք է սահմանները բանայ, եւ դիւանագիտական կապ հաստատէ Հայաստանի հետ:
Բ. Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ ներկաներուն կողմէ եղան զանազան հարցումներ, որոնց լրացուցիչ պատասխաններ տուաւ օրուան բանախօսը: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.