ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վճռակամ կը մնայ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նախաձեռնութեան վրայ:
«Սակայն նոյն ատեն, մեզի համար կարեւոր է միջազգային համայնքին կողմէ եւ մանաւանդ Հայաստանի կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին հարցով նոյն վճռակամութիւնը տեսնել», ըսաւ ան Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սվէն Ալխալաժի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Տաւութօղլու յայտնեց, որ Անգարա Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացին հանդէպ յուսալից է։ «Կը հաւատանք, որ յառաջիկայ հանգրուանին մեր շրջանին մէջ ամէնէն լայն բնականոնացումը պիտի տեսնուի», ըսաւ ան։
Յայտնենք, թէ թուրք նախարարը Յուլիս 30ին, երկօրեայ այցելութեան մը համար Լիբանան պիտի մեկնի: