ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան կը թուի վատ սովորութիւն մը ձեռք ձգած ըլլալ. ան պարբերաբար, զանազան երկիրներ կ՛ամբաստանէ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալով։ Այդ մէկը ընելով, թուրք ղեկավարը անզգուշաբար նոր առիթներ կը ստեղծէ միջազգային մամուլին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին արծարծման համար:
Այս տարուան Յունուարին, Թուրքիոյ վարչապետը ամբաստանեց Իսրայէլը Կազայի դէմ իր յարձակումին ընթացքին ցեղասպանութիւն գործած ըլլալով։ Շարք մը իսրայէլացի ղեկավարներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ այդ ամբաստանութիւններուն հակազդեցին նշելով, թէ թուրք պաշտօնատարները ցեղասպանութեան մասին վերջին խօսողները պէտք է ըլլան, տրուած ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ իրենց երկիրին մեղսապարտութիւնը։ Իսրայէլի կառավարութեան կարգ մը անդամներ այնքան վիրաւորուած էին, որ սպառնացին վրէժ լուծել՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով:
Այս ամսուան սկիզբը վարչապետ Էրտողան վերադարձաւ իր նախասիրած նիւթին, այս անգամ ցեղասպանութեամբ ամբաստանելով Չինաստանը։ Ան զայրացած էր, որ քանի մը տասնեակ թրքախօս իսլամ ույղուրներ սպաննուած էին բախումներու ընթացքին Զինճիանկ նահանգին մէջ հան չինացիներուն հետ, որոնք շատ աւելի մեծաթիւ զոհեր տուած էին։
«Ռոյթըրզ»ի մէկ տեղեկագիրին համաձայն, Էրտողան 10 Յուլիսին նշած էր, թէ «Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը պարզապէս ցեղասպանութիւն են։ Անհեթեթ է ուրիշ ձեւով մեկնաբանել զանոնք»։ Էրտողանի ոչ-իմաստուն խօսքերը անմիջական հակազդեցութիւններ հրահրեցին միջազգային մամուլէն, որ մատնանշեց ուրիշները ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու անոր անմտութիւնը, նկատի ունենալով իր երկրին մարդկային իրաւանց մարզի թերի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ իր պատասխանատուութիւնը:
«Տը Իքոնոմիսթ» ամսաթերթը գրեց, թէ «Վերջին քանի մը օրերուն Չինաստանի համացանցի դաշտերը կը զօրացնեն իրենց նեցուկը քիւրտ անջատողականներուն նկատմամբ», նիւթ մը որ գրեթէ լսուած չէր Չինաստանի մէջ նախքան Էրտողանի ցեղասպանութեան ամբաստանութիւնը։ Ամսաթերթին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Թուրքիա «ներկայիս ինքզինք կը գտնէ կրակի գօտիի մը մէջ»:
Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող բախումները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելու Էրտողանի կեցուածքին անդրադառնալով՝ «Տը Ասոշիէյթըտ Փրէս»ը ամբողջ պարբերութիւն մը յատկացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան. «Թուրքիան ինքնին չափազանց զգայուն է «ցեղասպանութիւն» եզրին գործածութեան վերաբերեալ…: Հայաստան կը պնդէ, թէ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուած են օսմանցի թուրքերուն կողմէ, Ա. Աշխարհամարտի ժամանակաշրջանին, բան մը, զոր հայերը եւ շարք մը ուրիշ երկիրներ կը ճանչնան իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը…»:
«Ռոյթըրզ»ը եւս անդրադարձաւ Չինաստանի դէմ Էրտողանի ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններուն՝ նշելով, թէ «Ցեղասպանութեան պիտակումը յատկապէս զգայուն բան մըն է Թուրքիոյ մէջ, որ խիստ կերպով կը հերքէ հայկական այն պնդումները, թէ՝ Ա. Աշխարհամարտին օսմանեան թուրքերուն կողմէ հայերուն սպանութիւնները ցեղասպանութիւն են»։
Հոնկ Քոնկի «Էյժա Սենթինըլ»ի աշխատակից Սիլվիա Հիու ծաղրեց Էրտողանը՝ ցեղասպանութիւն եզրին անխոհեմ գործածութեան համար։ Ան գրեց. «Այդ ամբաստանութեան հետաքրքրական բաժինը ոչ միայն անոր այնքան կանխահաս եւ գրեթէ սովորական ձեւով հռչակուիլն է (յատկապէս նկատի ունենալով, թէ որքա՛ն զգայուն է Թուրքիան ցեղասպանութիւն անուանումին նկատմամբ, տրուած ըլլալով, որ հայերը օսմանցի թուրքերը կ՛ամբաստանեն իրենց դէմ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գործած ըլլալով), այլեւ՝ անոր հակասական ըլլալը ուրիշ բաներու նկատմամբ, զորս Էրտողան ըսած է նոյն առիթով… Ամէն պարագայի, թուրք ղեկավարը կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ կեղծաւոր է եւ չափազանցուած փափաք մը ունի Թուրքիոյ ույղուրները գոհացնելու, այնքան, որ պէտք եղած ժամանակը չէ տրամադրած մտածելու այդ ձեւի խիստ արտայայտութիւն մը ունենալէ առաջ»։
Թրքական ազատական «Ռատիքալ» օրաթերթը միացաւ բանավէճին՝ Պոսթընի մէջ հիմնուած «Արմինիըն Ուիքլի»ի՝ Էրտողանի կողմէ Չինաստանի դէմ ծիծաղելի դատապարտութեան վերաբերող խմբագրականէն արտատպելով հետեւեալ մէջբերումը. «Անոնք, որոնք ապակեայ տուներու մէջ կ՛ապրին, պէտք չէ քար նետեն ուրիշներու վրայ»։ Խմբագրականը կ՛այպանէ Էրտողանը «յանդգնութիւնը ունենալու համար քանի մը տասնեակ ույղուրներու սպանութիւնը ցեղասպանութիւն համարելու, մինչ իր երկիրը կը շարունակէ միլիոնաւոր տոլար ծախսել՝ ուրանալու համար մէկուկէս միլիոն հայերուն սպանութիւնը»։ «Ռատիքալ» եզրակացուց՝ մէջբերելով հայկական շաբաթաթերթին հեքնական եզրակացութիւնը. «Վերջապէս, նոյնիսկ պաշտօնական թրքական արձանագրութիւններուն համաձայն, աւելի քան հարիւր յիսուն մարդիկ սպաննուեցան 1915ին»։
Չինական պետական մամուլը տակաւին աւելի քննադատական էր Էրտողանի նկատմամբ, ինչ որ զարմանալի չէ։ «Ժողովուրդին Օրաթերթը» լրագիրը 14 Յուլիսի իր թիւին մէջ գրեց. «Մեծ թիւով չինացի քաղաքացիներ վիրաւորուած են թրքական արարքներէն եւ կ՛առաջարկեն, որ Չինաստան փոխէ իր կեցուածքը Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ եւ նեցուկ կանգնի անկախութեան անոր տենչին, որպէսզի այդպիսով քաղաքական ծանր գին վճարել տուած ըլլայ Թուրքիոյ… Թուրքիա ժամանակին, Արեւմուտքին կողմէ ամբաստանուած էր Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութիւն գործած ըլլալով, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ անոր հալածանքները բազմաթիւ հակառակութիւններ յառաջ բերած են»։
«Ժողովուրդին Օրաթերթը» նաեւ հրատարակած է Թուրքիոյ դէմ շարք մը քննադատական նամակներ, որոնցմէ մէկը կը նշէ. «Թուրքիոյ մէջ քրտական ջարդերը տեսակ մը ցեղասպանութիւն եւ նացիութիւն էին։ Չինաստանը ցեղասպանութեան հետ կապելը՝ կը նմանի գողի մը, որ կը գոչէ. «Կանգ ա՛ռ, գող»»։
Չինական ուրիշ օրաթերթ մը՝ «Չայնա Տէյլի», իր «Մի՛ շրջէք իրականութիւնները» խորագիրով խմբագրականին մէջ կոչ ուղղեց Էրտողանի, որ՝ «ետ քաշէ իր խօսքերը, որոնք կը համարուին միջամտութիւն Չինաստանի ներքին հարցերուն»:
Ամէնէն ազդու միջոցառումը, որուն Չինաստան կրնայ դիմել առ ի հակազդեցութիւն Էրտողանի անսանձ ամբաստանութիւններուն, Չինաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար օրինագիծ մը որդեգրելն է։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր