ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Տիալա նահանգին մէջ, Չորեքշաբթի, Յուլիս 22ին, առնուազն հինգ իրանցիներ սպաննուած են, երբ զինեալներ կրակ բացած են Իրաքի մէջ շիիներու սրբազան վայրեր ուղղուող փոխադրակառքերու վրայ: Իսկ 32 ուրիշներ վիրաւորուած են: Յարձակումը տեղի ունեցած է Իրանէն Պաղտատի եւ հարաւային Իրաք մայրուղիի մը վրայ, Պաքուպայէն շուրջ 45 քիլոմեթր հեռաւորութեան։ Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը ստանձնած են մայրուղիին պաշտպանութիւնը։ Ապրիլին նոյն մայրուղիին վրայ գտնուող ճաշարանի մը մէջ 57 անձեր, մեծ մասամբ իրանցիներ, սպաննուած էին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.