ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի համար «Նապուքօ» ծրագիրը անցեալին մեծ նշանակութիւն ունէր: Կասպից ծովու աւազանէն, հիմնականօրէն Ատրպէյճանէն ու Թուրքմէնիստանէն տարեկան աստղաբաշխական չափերով՝ երեսունմէկ միլիառ խորանարթ մեթրի բնական կազ պիտի տեղափոխէ դէպի Եւրոպա՝ անցնելով Թուրքիայէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Հունգարիայէն ու հասնելով Աւստրիա, ուրկէ, միանալով Եւրոպայի մէջ արդէն առկայ այլ խողովակաշարերու ցանցերուն, կապոյտ հեղուկը պիտի տարածէ ամբողջ այդ ցամաքամասին վրայ:
«Նապուքօ»ն անշուշտ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ համար: «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմէն Վահրամ Էմմիյեան, իր երէկուան թիւով հրապարակած «Սպասելով 13 Յուլիսին» խորագրեալ ակնարկին մէջ անդրադառնալով այս հարցին՝ կը գրէ. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու Ռումանիոյ մէջ յայտարարեց, թէ «Նապուքօ»ն Թուրքիոյ թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է»:
Պատահական չէ, որ թրքական «Պոթաս» ուժանիւթի ընկերութիւնը «Նապուքօ»ի գլխաւոր բաժնետէրերէն մէկն է:
Ռուս-ատրպեճանական վերջին շրջանի շփումները առիթ դարձան, որ Ատրպէյճան հիմնովին վերարժեւորէ այս ծրագիրը եւ աւելի զգայնութիւն ցոյց տայ ռուսական նկատառումներուն՝ անտեսելով իր ցեղակից Թուրքիոյ ռազմավարական շահերը:
Ծրագիրը մեծածախս է: Նախնական հաշիւներով, «Նապուքօ» խողովակաշարի աշխատանքներուն ընդհանուր ծախսը կը գնահատուի աւելի քան 7.5 միլիառ եուրօ: Ծրագրի իրականացման համար նիւթական միջոցներու ապահովումը բաւական լուրջ խնդիր է ու Ատրպէյճանի շահագրգռութիւնը այս տեսակէտէն կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ իբրեւ հաւանական մեծագոյն ներդրողներէն մէկը:
Սակայն, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մետվետեւի Պաքու կատարած վերջին միօրեայ այցելութենէն ետք, յանկարծ որոշեց, որ ինք մտադիր չէ որեւ ներդրում կատարել «Նապուքօ» ծրագրին մէջ, խնդրոյ առարկայ դարձնելով այս հսկայական նախագիծին կենսագործումը:
Ատրպէյճանի այս կեցուածքը պարզագոյն բանաձեւումով, պիտի բարկացնէ Թուրքիան եւ գոհ պիտի դարձնէ Ռուսիան, որ կը ջանայ Եւրոպայի բնական կազի մատակարարման գործը իր մենաշնորհը պահել, հասկնալիօրէն՝ տնտեսական եւ մանաւանդ քաղաքական նկատառումներով:
Թուրքիան, յամենայնդէպս, որոշած է 13 Յուլիսին Անգարայի մէջ ստորագրել «Նապուքօ»ի ծրագիրին շուրջ համաձայնագիր մը: Թրքական յուսախաբութիւնը ատրպեճանական դիրքորոշումէն կրնայ արտայայտուիլ Հայաստանի հետ սահմաններու բացման բանակցութիւններուն իր կեցուածքի փոփոխութեամբ, յօգուտ Հայաստանի:
Միւս կողմէ Ռուսիոյ գնահատումը ատրպեճանական դիրքորոշումին, աւելի ծանրակշիռ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար:
Յամենայնդէպս, Անդրկովկասի մէջ քաղաքական զարգացումները միամակարդակ չեն զարգանար եւ դժուար է պարզունակ յարաբերութիւններու հաւասարակշռումներով կամ անոնց խախտումներով եզրակացութիւններ կամ նախատեսութիւններ կատարել:
«Նապուքօ»ի հանդէպ Ատրպէյճանի կողմնորոշման փոփոխութիւնը, սակայն, առարկայականօրէն այդ ծրագիրի կարեւորութեան նսեմացումէն չի կրնար յառաջանալ: Դերակատարը այստեղ կը մնայ ռուսական գործօնի ատրպեճանական վերագնահատումը. բան մը, որ պէտք չէ վրիպի հայ քաղաքական գործիչներուն ուշադրութենէն: