ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ռուսիոյ պետական հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ ըստ էութեան, համախոհութիւն գոյացած է հայկական ուժերը «գրաւուած» տարածքներէն դուրս գալու մասին, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներու վերաբերեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան եւ այնտեղ վերադառնալու մտադիր ատրպէյճանցիներու կեանքի ապահովութեան համար:
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, թէ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, առաջին փուլով կը սկսի հինգ շրջաններէն հայկական ուժերու դուրսբերումը։ Ըստ անոր, երկու շրջաններէն՝ Քելբաջարէն եւ Լաչինէն ուժերու դուրսբերումը կ՛ակնկալուի՝ համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելէ հինգ տարի ետք, ժամկէտ մը, զոր Ալիեւ կը նկատէ ատրպեճանական կողմէն իբրեւ փոխզիջումի արդիւնք:
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ Ռուսիոյ դերը կարեւոր նկատած է։
Ալիեւ յայտարարած է. «Մենք կը տեսնենք, թէ որքա՛ն կարեւոր դարձած է ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ, իբրեւ միջնորդներէն մէկը՝ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը։ Մենք կողմերուն համաձայնութեան հասնելու օգնելու Ռուսիոյ անկեղծ ցանկութիւնը կը տեսնենք։ Կան որոշ արդիւնքներ. թէեւ բանակցութեան գործընթացը բարդ է, սակայն մենք ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք»։
Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է, որ իր երկիրը պատրաստ է քննարկելու Հայաստանի հետ ցամաքային կապի հարցը, որպէսզի ատիկա յուսալի ըլլայ եւ անհանգստութիւն չյառաջացնէ։
Խօսելով Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին՝ Ալիեւ ըսած է. «Այդ մէկը ապագայի հարց է, եւ այն առաջարկներուն մէջ, զորս կը քննարկենք, կ՛ընդունինք եւ որոնց շուրջ կը համաձայնինք, կարգավիճակի հարց չկայ։ Մենք, բնականաբար, Լեռնային Ղարաբաղի իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն գոյութեան հնարաւորութիւնը չենք տեսներ, Ատրպէյճանը անոր երբե՛ք չի համաձայնիր, եւ հայկական կողմը ասիկա կը հասկնայ։ Միաժամանակ հայկական կողմը կը կարծէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ինքնավարութեան մակարդակը պէտք է պահպանուի։ Խորհրդային ժամանակին գոյութիւն ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջան, որուն բիւրոյի կազմի 9 անդամներէն մէկը ատրպէյճանցի էր, միւսները՝ հայ։ Ան հիմնականին մէջ կը ղեկավարուէր Մոսկուայի կողմէ, սակայն այդ մէկը խորհրդային ժամանակաշրջանի իրականութիւն էր»։
Ալիեւ ընդգծած է, թէ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ պէտք է անպայման հաշտութիւն հաստատուի։ «Մենք պատերազմ չենք ցանկար, հակառակ անոր, որ ռազմական ներուժը կ՛աւելցնենք, սակայն անոր պատճառը այն է, որ 15 տարուան զինադադարէն ետք մենք լուծումի չենք հասած», յայտնած է Ալիեւ։
This could be the same active political “football” being played by Turkey` by passing the “ball” to Azerbeijan…, while planning the next strategy.
This game becoming too big for our president Serzh Sarkisian: now, he should come to his senses and quit either his football/politic or/and resign… before drives our country into abyss!