ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիա կատարած միօրեայ իր այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, հանդիպելէ ետք իր ռուս գործընկերոջ Սերգէյ լաւորովի հետ, մամլոյ ասուլիս մը ունեցած է: Ասուլիսին ընթացքին, Տաւութօղլու յայտարարծ է, թէ Թուրքիան յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքները արագ ժամկէտներով պիտի օժանդակեն հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան կարգաւորումին, որ ինքնին պիտի նպաստէ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման՝ այդ տարածաշրջանին մէջ: Տաւութօղլու նշած է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ հետ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Թուրքիա անհանգստացած չէ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ մերձեցումէն։ Տաւութօղլու յայտնեց նաեւ, թէ՝ «Մեր որեւէ դրացիներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները անհանգստութիւն պատճառող բան մը չենք նկատեր։ Ընթհակառակը, կը հաւատանք, որ մինչ մեր դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան, հասարակաց շահերու շրջանները կ՛ընդլայնուին»։
Ան աւելցուց, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ մօտեցումները այլընտրանքներ չեն։ Թուրքիոյ նախարարը յայտնեց, թէ Ռուսիոյ հետ իր երկրին յարաբերութիւնները հիմնուած են բազմաթեւ գործընկերութեանց վրայ։
Ռուսիա Երկուշաբթի օր Եւրոպական միութեան զօրակցութիւնը վայելող «Նապուքօ» ծրագիրին գլխաւոր աղբիւրը նկատուող ատրպեճանական կազի մատակարարումը ապահովելով՝ ծանր հարուած մը հասցուց այդ ծրագիրին։
Նշենք, որ շուտով Թուրքիա պիտի այցելէ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինը:
Սա Տավուտ ըսուած սուլթանի ձագը պհտի շարունակէ՞ իր սանձարձակ ստախօսութիւնները Մոսկուայի հետ կեղծ սիրաբանութեան վարշամակին տակ տեսակ մը ամերիկային դաս մը տալու համար
անոր դէմքը նողկանք կը յառաջացնէ իր սուտ ու պատիր քծնանքներով
դիմելով Մինսքի կեղծաւոր ու նենգամիտ դիւանագէտներուն որոնք պատրաստ են անգամ մը եւս զոհել հայոց սրբազան ազգը իրենց «քարիւղային» հաշիւներուն