«ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար Ֆարուք Չելիք Աստանայի մէջ աշխարհի աւանդական կրօններու ղեկավարներու երրորդ խորհրդաժողովին ընթացքին, ատրպէյճանցի լրագրողներուն յայտած է, թէ «Մինչ Ղարաբաղի հարցը կը շարունակէ անլոյծ մնալ, Հայաստանի հետ որեւէ յարաբերութիւն բացառուած է»։
Ան յայտնած է նաեւ, թէ Թուրքիա զօրավիգ կը կանգնի երկխօսութեան։ «Աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ երխօսութիւններն ու բանակցութիւնները գործերու վերածուին։ Դժբախտաբար բանակցուած հարցերը միայն խօսքեր կը մնան», յայտնած է թուրք նախարարը։