ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի «Հուսկ Բանք»ը՝ այդ պաշտօնին վրայ իր վերջինը՝ դժբախտաբար:
«Կան պահեր, երբ մարդ պարտի կանգ առնել եւ իւրացնել իր դէմ պարզուած պատկերին փառաւոր իմաստն ու հուժկու թելադրանքը: Հրաժեշտ, որ իմաստաւորուած է երբեք չմեկնելու խանդակաթ բաղձանքով. աւարտ, որուն սկիզբը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան վերջը. ժպիտ ու խանդ, որոնց մղիչ ուժը արցունքն է: Պարտինք իւրացնել զիրար հակասող եւ զիրար չէզոքացնող կեանքի բեւեռները միաձուլող, ներդաշնակող ու ամբողջականօրէն համադրող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի բիւրեղացած ոգին: Ոգի մը, որ թափանցած է մեզմէ իւրաքանչիւրին էութիւնը եւ դարձած կեանքի խորհրդաւոր անկիւնները լուսաւորող մանրաշխարհը: Աշխարհ Փիլիպոս, որ բոլոր շրջանաւարտներուն համար դարձած է անծայր թուող կեանքի անշէջ կողմնացոյցը: Փիլիպոս հարստութիւնը այժմ կը դառնայ մեր այս շրջանաւարտներուն թանկարժէք գանձը, որ կեանք մը ամբողջ պիտի գայ հանդիսանալու նոր կարելիութիւններու եւ կարողականութեանց անփոխարինելի խարիսխը:
Սիրելի շրջանաւարտներ,
Դժուար է բացատրել այն յուզումը, որ սիրտս կը պատէ այս պահուն, երբ կը տեսնեմ ձեր բոլորը՝ ճառագայթող աչքերով այս բեմին վրայ: Ժամանակը կը թաւալի անհասկանալի արագութեամբ: Տակաւին երէկ էր կարծէք, երբ մեծ անձկութեամբ կը ստանձնէի այս սքանչելի հաստատութեան տնօրէնութիւնը, իսկ դուք՝ երկչոտ քայլերով մուտք կը գործէիք մանկապարտէզ: Եւ ահաւասիկ այսօր, զինուած այն գիտելիքներով, որ ձեր առջեւ պիտի բանայ չափահասներու բազմագոյն աշխարհը, խարսխուած հոգեմտաւորական հարուստ պաշարով՝ կը ներշնչէք մեր մէջ վստահութիւն, խոստանալով սաւառնիլ հորիզոններ հեռու, ուր ձեր փայլող աստղերը պիտի լուսաւորեն մեր սրտերն ու հոգիները:
Սիրելի շրջանաւարտներ,
Գիտէք, որ կը սիրեմ ձեզ բոլորդ: Պէտք է գիտնաք, որ ես սիրած եմ բոլոր տասնհինգ դասարանները, որոնց այս փառաւոր եւ հրաշալի հաստատութեան տասնվեցամեայ իմ տնօրինութեան շրջանիս վկայական տալու պատիւը եւ առանձնաշնորհումը ունեցած եմ: Քանի մը վայրկեանէն, երբ պիտի լսեմ Նարեկ Զաքարեանի անունը, ես իմ վերջին վկայականս պիտի յանձնեմ «Փիլիպոս»ին մէջ եւ ընդմիշտ:
Իմ սիրելի 2009ի շրջանաւարտներ, այս տարի ես ալ ձեր հետը շրջանաւրտ կը դառնամ եւ ինչպէս ձեզի, այնպէս ալ ինծի համար, այս աւարտը պիտի նշանաւորուի նոր սկիզբով: Ձեզի պէս ես ալ այս պահը կ՛ապրիմ տխրութեամբ եւ քաղցրադառն անձկութեամբ: Իսկապէս առանձնաշնորհուած էի: Առանձնաշնորհուած՝ ծառայելու կրթօճախի մը մէջ, որ հիմնուած էր, երբ ես երկրորդ դասարանի աշակերտ էի: Առանձնաշնորհուած՝ ըլլալու ուսուցչական կազմի մը հետ, որուն հարուստ գիտելիքները եւ անսակարկ նուիրումը մեր աշակերտներուն, ներշնչման աղբիւրներ էին ինծի համար:
Առանձնաշնորհում՝ աշխատելու ծնողներու հետ, որոնք առաջին օրէն իսկ երբ այստեղ ոտք դրի, զիս ընդունեցին հարազատի նման: Իսկական ու անսահմանելի առանձնաշնորհում մը՝ բախտը ունենալու շնորհքն ու սէրը, ինչպէս եւ հիացումը վայելելու այսքան մեծ թիւով աշակերտներուն: Այս զգացումով է, որ կը բաժնուիմ ձեզմէ: Բախտաւոր է այն անձը, որուն տրուած է առիթն ու առանձնաշնորհումը ղեկավարելու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի նման փառահեղ ու սքանչելի հաստատութիւն մը:
Բարի ու յաջող երթ ձեզի սիրելի աւարտականներ»: