Հինգշաբթի, 11 Յունիս 2009ին, Քէմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ, Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր Քէմպրիճի շրջանի քանատացի քաղաքացիներուն ներկայացուց Քանատայի տնտեսութեան կայացման միտող իր պետական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ՝ իր գլխաւորած կառավարութեան կողմէ անցած ամիսներու ընթացքին, տնտեսական բնագաւառէն ներս իրագործուած աշխատանքները: Վարչապետին կ՛ընկերակցէր գիտութեան նախարար Կէրի Կուտյիր, Աշխատանքի նախարար Տայան Ֆինլի եւ ծերակուտական Մայք Տաֆի:
Պաշտօնական հաւաքէն ետք, ձեռնարկը հիւրընկալած Հայ կեդրոնի պատկան մարմինները հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Հարփըրի եւ անոր ընկերակցող քաղաքական պաշտօնատարներուն հետ: Միջոցառման ծիրէն ներս, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Քէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչները առանձին հանդիպումներ ունեցան վարչապետին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին քանատահայ գաղութին հանդէպ անոր ցուցաբերած հոգածութեան համար: Դարձեալ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին՝ վարչապետ Հարփըր վերահաստատեց, որ Քանատայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պետական քաղաքականութեան անքակտելի մասնիկը պիտի մնայ:
Խօսքի աւարտին վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց Քէմպրիճի Հայ կեդրոնին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ Հայ կեդրոնը կառավարութեան տրամադրելու եւ ձեռնարկի կազմակերպման աշխատանքները իրագործելու համար:
Նաեւ, Շաբաթ, 13 Յունիս 2009ի առաւօտեան, Քէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթի կազմակերպած նուիրահաւաքին, որուն պատգամաբերն էր Քանատայի գաղթականութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վարչապետ Հարփըրի՝ Քէմպրիճի Հայ կեդրոն այցելութեան եւ յատուկ շնորհակալական խօսք փոխանցեց կեդրոնի պատասխանատուներուն:
Հանդիսութեան աւարտին նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ, եւ անդրադարձաւ Լիբանան կատարած իր այցելութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպում ունեցած էր Արամ Ա. վեհափառի եւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴաշնակցութեան երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: