Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլ Կորտըն Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած պատմաբաններու յանձնախումբի կազմութեան զօրակցութիւնը յայտնած է: Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնախումբի նիստին ընթացքին, Կորտըն զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստան-Թուրքիա «ճամբու քարտէս»ին՝ մասնաւորաբար նշելով Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար «պատմաբաններու յանձնախումբ»ին կարեւորութիւնը:
«Երկու զուգահեր, սակայն անջատ ուղիներ (Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւն եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան գործընթաց) գոյութիւն ունին: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութեան գործընթաց, որ պիտի ներառէ բացումը սահմանին, որ շատ երկար ատենէ ի վեր փակուած է, նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ կարեւոր բնագաւառներու մէջ գործակցութիւն…: Մենք կը քաջալերենք այդ գործընթացը եւ զօրավիգ կը կանգնինք անոր», յայտնած է Կորտըն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.