ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թրքական «Քրոնիքըլ» ամսագիրը, իր Յունիսի թիւին մէջ կը գրէ, թէ «Էրկէնէքոն»ի հարցով դատուող եւ գլխաւոր ամբաստանեալներէն մէկը նկատուող զօր. Վէլի Քիւչիւք ծնած է Պիլէճիքի Կէօլփազար աւանի Թիւրքմէն գիւղին մէջ, որ ըստ թերթին, 85 տոկոս հայութեամբ գիւղ մը եղած էր Օսմանեան օրերուն, մինչ ներկայիս՝ ոչ մէկ հայ բնակիչ ունի: Թերթը կը գրէ, թէ Քիւչիւք մայրենի լեզուի պէս հայերէն կը խօսի։
Ամսագիրը, պետական փաստաթուղթերու վրայ հիմնուելով հրատարակած է Թիւրքմէն գիւղի հայ բնակիչներուն վճարած տուրքերուն ցանկերը։ Քիւչիւք հողագործ ընտանիքի մը չորս զաւակներէն մէկն է։
Հայ բնակչութեան տեսակէտէն երկու անուններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն։ Քիւչիւքօղուլլարը ընտանիքէն Արթին, որ 30 ղրուշ տուրք վճարած է, եւ նոյն ընտանիքէն Մինասի որդի Խաչիկը, որ նոյնքան տուրք վճարած է։ Կը կարծուի, որ այս ընտանիքը իր մականունը Քիւչիւքի փոխած է մականուններու փոփոխման օրէնքի որդեգրումէն ետք:
Այսօր ոչ ոք գիտէ, թէ ինչ պատահեցաւ Քիւչիւքօղուլլարը ընտանիքին կամ Թիւրքմէն գիւղի հայ բնակիչներուն, որովհետեւ որեւէ արձանագրութիւն չկայ այն մասին, թէ ասոնք տեղահանուած են, կամ այլ պատճառով մը գիւղէն հեռացած են։ «Քրոնիքըլ»ի լուրին մէջ լայն տեղ տրուած է տեղահանութեան ընթացքին հայերու ապրած ողբերգական պատմութիւններուն։
Կը կարծուի, որ Վէլի Քիւչիւք ոստիկանութեան մէջ ապօրինի խմբակ մը կազմած է՝ ազգայնամոլներուն ծրագիրները իրականացնելու նպատակով ոճիրներ իրագործելու համա