ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Տարին չեմ յիշեր, սակայն 1970ականներու վերջաւորութեան պէտք է որ ըլլայ։ Այդ թուականներուն Ծաղկաձորի մէջ կը կազմակերպուէին հայրենի մտաւորականներու ամէնամեայ հաւաքներ, որոնց կը մասնակցէին հարիւր յիսունէ աւելի գիտնականներ, գրողներ, լրագրողներ եւ առհասարակ ամէն տեսակի արուեստագէտներ ու մտաւորականներ։ Երբեմն նոյնիսկ հոգեւոր հայրեր կու գային Էջմիածինէն։ Կազմակերպողները (գլխաւորութեամբ Վազգէն Մանուկեանի), երիտասարդ գիտնականներ էին, որոնց նպատակն էր ազգային հարցեր քննարկել եւ ի հարկին գործել խորհրդային օրէնքներու եւ պայմաններու մէջ։ Պէտք է ըսել, որ հայրենի մտաւորականութեան աւագանին կը յաւակնէր հոն, սկսեալ Վիքթոր Համբարձումեանէն ու Սերկէյ Մերկիզեանէն, մինչեւ Սերօ Խանզադեանն ու Սիլվա Կապուտիկեանը։ Ինքզինքս պատւուած կը զգայի անոր համար, որ միակ սփիւռքահայն էի, որ հրաւիրուած էի մասնակցելու այս ձեռնարկին։
Ի դէպ, քաղաքագէտները միայն կը բացակայէին այս հաւաքէն, սակայն անոնցմէ շատեր, Ճոն Կիրակոսեանի եւ կամ Ալեքսանդր Կիրակոսեանի նման հեղինակութիւններ անուղղակիօրէն կը քաջալերէին մեզ։
Նմանօրինակ հաւաքի մը առիթով էր, որ հաւաքուած էինք Օփերայի հանդիպակաց այգիի անկիւնը ու կը սպասէինք փոխադրամիջոցներու կարգաւորման մեկնելու համար Ծաղկաձոր։ Թէ ովքե՞ր կային հոն, դարձեալ յստակ չեմ յիշեր, սակայն սկզբունքով, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Սօս Սարգսեանի եւ Ռուբէն Յովսէփեանի նման ընկերներ պէտք է որ ըլլային։ Երբ խօսքը կ՛ընթանար ազգային-դաշնակցական մամուլին մասին, յանկարծ ներկաներէն մէկը ըսաւ.
– Իմ պապս էլ դաշնակ է եղել։
Հենրիկ Իգիթեան անմիջապէս աւելցուց.
– Ի՞նչ ես «լոփազանում», մեր պապերից ո՞ր մէկը դաշնակ չի եղել։ Կարեւորը հիմա դաշնակի թոռ լինելը չէ, այլ դաշնակցականի վայել գործ անելը։ Մեզանից իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան բերումով, ուզում եմ ասել հայ մշակոյթի ճամբով, հարկաւոր է ազգային գիծն ու շահը պաշտպանի։ Այլապէս՝ մենք կորած ենք։
Հենրիկ Իգիթեան անոնցմէ էր, որոնք իրաւունք ունէին նմանօրինակ հաստատումներ ընելու եւ կամ պահանջ ներկայացնելու հայրենի գրողներուն ու արուեստագէտներուն։ Ան իսկապէս (մինչեւ իր կեանքին վերջը) մասնագիտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ընդելուզած իրարու՝ կը գործէր խորհրդային վտանգաւոր կարգերու տակ, միշտ պաշտպանելով ազգային գիծն ու շահը։
Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, լաւապէս տիրապետած էր իր մասնագիտութեան եւ ձեռք բերած որոշ հեղինակութիւն պետական շրջանակներէ ներս։ Ան ճկուն էր, յանդուգն ու քաջ։ Գիտէր ինչպէս պիտի վարուի ղեկավարութեան հետ իր նպատակները իրագործելու համար։
1960ական թուականներուն ան եւ խումբ մը կերպարուեստագէտներ (Արթօ Չաքմաքջեան, Մինաս Աւետիսեան, Արտաշէս Յունանեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Իշխան Նազարեան, Էդուարդ Խարազեան, Սէյրան Խաթլամաջեան եւ ուրիշներ) ըմբոստացան խորհրդայիններու դէմ եւ սպառնացին հրապարակաւ ոչնչացնել այն բոլոր ստեղծագործութիւնները, զորս իրագործած են ազատօրէն, առանց «սոցիալիստական ռիալիզմ»ի թելադրականութեան: Այս շարժումին արդիւնքը եղաւ այն, որ ոչ միայն հայրենի կերպարուեստագէտները իրաւունք ստացան ազատօրէն ստեղծագործելու եւ իրենց գործերը ցուցադրելու, այլեւ Իգիթեանի ջանքերով ստեղծուեցաւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը:
Այնուհետեւ այս հայրենասէր արուեստաբանը ոչ միայն պաշտպանեց հայրենի կերպարուեստագէտներուն ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը, այլեւ՝ անհատ գեղանկարիչներուն (Վրոյր Գալստեան, Յ. Յակոբեան, Անանիկեան, Մ. Աւետիսեան, Աղ. Այվազեան եւ այլն) բնակարան եւ արուեստանոց ունենալու եւ կամ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպելու իրաւունքները:
Ո՞վ է ան:
Հենրիկ Իգիթեան ծնած է 1932ին, Թիֆլիս: 1956ին աւարտած է Երեւանի Ռուսական մանկավարժական հիմնարկը, իսկ 1963ին՝ Լենինկրատի Ի. Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան բարձրագոյն հիմնարկը։ Ժամանակաշրջան մը պաշտօնավարած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս: Ժամանակակից արուեստի թանգարանէն ետք հիմնած է նաեւ Երեւանի մանկապատանեկան պատկերասրահն ու գեղանկարչական դաստիարակութեան հանրապետական կեդրոնը: Այս բոլորէն ետք, ան 1995ին քանի մը ընկերներու հետ (Մհեր Սահակեան, Ռուբէն Աւագեան եւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան) հիմնադրած է նաեւ Արդի հայ նկարիչներու «Նոյեան Տապան» ընկերակցութիւնը, որ փաստօրէն սատար հանդիսացած է հայրենի գեղանկարիչներու ամբողջ սերունդի մը (շուրջ երեսուն կերպարուեստագէտ) ստեղծագործական կեանքին:
Կազմակերպչական եւ մանկավարժական աշխատանքներուն զուգահեռ, բեղմնաւոր եղած է նաեւ անոր արուեստաբանի գրիչը: Բացի բազմաթիւ յօդուածներէ, ան ստորագրած է նաեւ շարք մը ուշագրաւ պատկերագիրքերու յառաջաբաններ, ինչպէս՝ Երուանդ Քոչարի, Յակոբ Քիւրքճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, եւ այլն: Անոր հեղինակութեամբ լոյս տեսած են հայրենի կերպարուեստին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող պատկերագիրքեր, տարբեր լեզուներով, ինչպէս՝ «Կալըրի Նոազ արք», «Թրի աֆ լայֆ», «Մինաս Աւետիսեան», «Արմինիըն փալէթ», «Վրոյր Գալստեան», «Մալարսթվօ Արմէնի», եւ այլն:
Հենրիկ Իգիթեան հետամուտ եղած է նաեւ միշտ քաջալերելու այն բոլոր երիտասարդ տաղանդները, որոնք ինչ որ չափով ապագայի լաւ յոյսեր ներշնչած են իրեն:
Անոր կորուստը մեծ է հայրենի արուեստի բնագաւառէն ներս, ու իր բացակայութիւնը երկարօրէն կսկծալի պիտի մնայ, որովհետեւ քիչ են, շատ քիչ են այն հայ արուեստաբանները, որոնց համար՝ «կարեւորը հիմա դաշնակի թոռ լինելը չի, այլ դաշնակցականի վայել գործ անելը»: