ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անարդար է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքներուն այսպիսի գնահատական տալը՝ ան ալ որոշ հեգնական շեշտաւորումով:
Անարդար է, որովհետեւ մենք բոլորս, տեղաբնակ լիբանանահայերուն կամ մեզ նման դուրսէն վերադարձածներուս աչքին առջեւ պարզուած պատկերը բարոյական յաղթանակէն շատ աւելիի մասին կրնար վկայել:
Արդարեւ, ընտրապայքարի ընթացքին աշխատած կազմակերպական մեքենան, աւանդականօրէն Դաշնակցութեան համակրող հայկական միջավայրերու կարգապահ եւ անվերապահ զօրակցութիւնը հայկական պլոքի ցուցակին, Դաշնակցութեան ընդմէջէն բոլոր դաշնակից ցուցակներու հանդէպ դարձեալ ցուցաբերուած նոյն կարգապահութիւնը այս կուսակցութեան հանդէպ, ապահովեցին ոչ թէ բարոյական յաղթանակի մը դափնիները միայն, այլեւ լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ անոր ապահովագրեցին ազդեցութեան նոր աստիճան մը, շատ աւելի բարձր քան նախորդ տարիներուն, նոյնիսկ եթէ երեսփոխանական պլոքը պահեց իր նախկին երկու անդամի պատկերը:
Այս մասին նաեւ հրապարակաւ վկայեցին Դաշնակցութեան թէ՛ հակառակ դիրքորոշուած եւ թէ՛ դաշնակից կուսակցութիւններու ղեկավարները՝ ընդգծելով անոր ընտրական մեքենայի լիբանանեան չափանիշներով տպաւորիչ կազմակերպուածութիւնը, տարողութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:
Այո, ընկճուածութիւնը ակներեւ էր ժողովուրդին մէջ, յատկապէս՝ դուրսէն գացած լիբանանահայ զանգուածին մօտ, որ կարծես աւելի յանցաւոր կը զգար, թէ իր քուէով չկրցաւ մեծ տարբերութիւն ապահովել վերջին ամիսներուն գիշեր-ցերեկ աշխատած տղոց ու աղջիկներուն: Ի զուր: Որովհետեւ, կազմակերպուածութեան բարձր նիշը, որ ստացած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի մարմինը, իր մէջ կը պարունակէր նաեւ դուրսէն այդքան մեծ թիւով համակիրներ Պէյրութ բերելու կարողութիւնը: