ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ Ընկերային յանձնախումբին, Հայաստանի անկախութեան հռչակման 91ամեակի՝ Մայիս 28ի տօնակատարութիւնը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ 30 Մայիսին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Զարեհ Սամուրգաշեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, ՀՕՄի, «Համազգային»ի, ՀՄԸՄի ու Իրանահայ «Արարատ» մշակութային միութեան ներկայացուցիչներ ու Հայաստանի անկախութեան 91ամեակով խանդավառ հոծ բազմութիւն մը: Անոնք եկած էին լսելու օրուան պատգամներն ու Արթիւր Աբգարեանի ոգեշնչող ազգային ու ազգագրական երգերը:
Ողջոյնի խօսքերով տօնակատարութեան բացումը կատարեց ու հանդիսութիւնը վարեց «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Զարեհ Սամուրգաշեանը: Ան մասնաւորաբար անդրադարցաւ 91 տարիներ առաջ, Ցեղասպանութենէ ճողոպրած, Երեւանի շուրջ համախմբուած ու անորոշ կացութեան մը մէջ մնացած հայութեան, որ ուրիշ ելք չունենալով՝ դիմեց ինքնապաշտպանութեան, ու Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի յաղթանակներով հռչակեց 28 Մայիս, 1918ի անկախութիւնը:
Սամուրգաշեան ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք հոս տօնելու այդ մեծ յաղթանակն ու անոր հետեւանքը եղող անկախութիւնը, որ դարերու ստրկութենէն ետք հայ ժողովուրդին տուաւ ազատ ապրելու ու ազատ գործելու կարելիութիւնները: Ազատութեան գաղափարը գերմարդկային ուժեր կը ներշնչէ ժողովուրդի մը: 1920ին, երբ Հայաստան ինկաւ սովետական սահմաններէն ներս, ի գին բոլոր դժուարութիւններու ու զրկանքներու, հայ ժողովուրդը երբեք չկորսնցուց իր ազատ ապրելու իղձը»:
Եզրակացնելով իր խօսքը, ան ըսաւ, թէ իբրեւ հայեր, ո՛ւր ալ ապրինք այսօր, Մայիս 28ն մեր էութեան մէջ հսկայական անդրադարձ պիտի ունենայ, կամայ թէ ակամայ, հայերէն խօսինք կամ ոչ:
Օրուան պատգամաբերն էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգ. վարժարանի ուսուցչուհիներէն Լալա Տէմիրճեան: Ան նկարագրեց 1918, Մայիս 28ի նախորդող ժամանակաշրջաններուն՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի տագնապալի օրերը, սովն ու հիւանդութիւնները եւ ըսաւ, թէ յուսալքուած հայ ժողովուրդը այդ պայմաններուն տակ էր, որ հերոսական յաղթանակներ արձանագրեց, ծնունդ տալով Հայաստանի Ա. հանրապետութեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրցաւ շրջանի բոլոր գործօն ուժերը շաղկապել եւ բոլորին գործի լծելով՝ Դրոյի, զօրավար Սիլիկեանի, Փիրումեանի, Արամի, Անդրանիկի, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու, կարելի եղաւ փոխել հայ ժողովուրդին ճակատագիրը:
Հայաստան-Թուրքիա վերջին շրջանի քաղաքական իրադարձութիւններուն ակնարկելով՝ Լ. Տէմիրճեան ըսաւ. «Բարի դրացիութեան, բաց սահմաններ ունենալու պիտակին տակ ընդունելի չէ՛, որ խնդրոյ առարկայ դառնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատիրական մեր պայքարը. ընդունելի չէ՛ մանաւանդ այդ խնդիրներուն առնչել Արցախեան բանակցութիւնները. միասնականութեամբ է, որ հայութիւնը յաղթանակեց Սարդարապատի ու Արցախի մարտերուն: Այսօր եւս թշնամին նոյնն է, անոր հետապնդած նպատակն ալ նոյնն է. թշնամիին յառաջընթացը կասեցնելու զէնքը նաեւ կը մնայ նոյնը, հայութեան միասնականութիւնը»:
Հիւրաբար ձեռնարկին ներկայ կը գտնուէր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Պարթեւ վրդ. կիւլիւմեան, որ արտայայտեց ազգայնաշունչ հոգի բուրող իր զգացումները՝ կուռ ճառով մը: Հայր սուրբը սկսաւ իր խօսքը գեղեցիկ պատմուածքով մը, որ լաւագոյն բացատրականը կու տար «ազատութիւն» բառին: «Մարդուն մէկը կը տեսնէ գետին ինկած վիրաւոր թռչուն մը, որ կը չարչարուի: Ան կը վերցնէ վիրաւոր թռչունը, կը դարմանէ ու թոյլ կու տայ, որ թռչի: Երախտապարտ թռչունը այս բարի մարդուն կը հարցնէ, թէ ինչո՞վ կրնայ վարձատրել զայն՝ անոր բարիքին համար, իսկ մարդը կ՛ըսէ. «Քու թեւերդ եթէ ինծի տաս, վարձատրուած կը զգամ»: Թռչունը կը պատասխանէ, թէ իր թեւերը իր ազատութիւնն են, առանց որոնց կեանք չ՛ունենար: «Եթէ կ՛ուզես ես պատրաստ եմ քեզ կեանքս տալու, բայց ոչ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՍ», եզրակացուցած է թռչունը»:
Ապա, շարունակելով իր պատգամը՝ հայր Պարթեւ ըսաւ. «Սիրելիներ, այս կարճ առակը մեր ժողովուրդին կեանքն է: 1915ին արիւն թափեցինք, նահատակուեցանք, բարի մարդիկ մեզի օգնեցին. սակայն այսօր տարբեր մարդիկ կ՛ուզեն տարբեր ձեւերով մեր ազատութիւնը մեր ձեռքէն խլել. այսօր Մայիս 28 տօնելը նպատակ ունի ազատութիւնը մեր հոգիներուն մէջ անգամ մը եւս ամրապնդել. առանց ազատութեան, ազգ մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ:
Նոյնիսկ երբ մեր ազգը, հայրենիքի իմաստով կաշկանդումի մէջ էր, թշնամիները չկրցան մեր հոգիներուն մէջ հայրենիքի ազատութեան գաղափարը կաշկանդել: Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ, Սարդարապատ եւ տակաւին բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ մեր հայրերը արիւն թափեցին, պաշտպանեցին. այսօր մենք կը գտնուինք տարբեր «Աւարայր»ներու դիմաց, այդ բոլորին դիմաց մենք վճռակամութիւն պէտք է ունենանք, ինչպէս ունեցան Արամ Մանուկեանները՝ ազատութիւնը պաշտպանելու, ի գին ամէն ինչի:
Ի՞նչ է այսօրուան Սարդարապատը. այսօրուան Սարդարապատը մեր մշակոյթը պահպանել է. այսօրուան Ղարաքիլիսէն մեր լեզուն պահպանել է. այսօրուան Բաշ Ապարանը մեր մշակոյթը, մեր հայրենիքը, մեր ինքնութիւնը պաշտպանել է. այս երեկոյ իսկապէս յաղթանակի երեկոյ է. մեր ֆետայիները ամէն անգամ, երբ մարտի յաղթանակ մը կը տանէին, ատկէ վերջ պար կը բռնէին, յաղթանակի պար, ուրախութեան պար. թող այս գիշերուան պարերը եւ այս քէֆը, Գ. Էմինի խօսքերով, «Ամէն անգամ որ ոտքիդ հարուածը զարնես գետին, թող թշնամիին աչքին փուշ ըլլայ, փոշի դառնայ»: Մենք այսօր իսկապէս կա՛նք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք: Թող Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը, թող Աստուած օրհնէ Արցախ աշխարհը, թող Աստուած օրհնէ æաւախքը»:
Տօնակատարութիւնը խանդավառեցին յատկապէս Քանատայէն հրաւիրուած սիրուած երգիչ Արթիւր Աբգարեանն ու իրեն նուագակցողները՝ Փօլ Զէյթունլեան (սաքսոֆոն) եւ Աւօ Նիկողոսեան (երգեհոն), որոնք երկար եւ հաճելի ժամեր ընծայեցին ներկաներուն, մինչեւ առաւօտեան ժամը 2: