ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի երիտասարդ իրաւաբաններու միութիւնը Յունիս 3ին կազմակերպած էր «Լեհաստանի, Չեխիայի հակակոռուպցիոն ոլորտի փորձն ու դրա կիրառման հնարաւորութիւնը Հայաստանում» նիւթով քննարկում, որուն ընթացքին, կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Զադոյեան յայտնած է, որ վերահսկիչ պալատը պէտք է հսկողութեան տակ պահէ պետական պահուստներն ու պետական գնումները՝ գործին մէջ ներգրաւելով նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցները եւ զեղծարարութեանց դէմ գործող հասարակական կազմակերպութիւնները։
Ըստ Կ. Զադոյեանի, սեմինարի հիմնական նպատակը եղած է ներկայացնել զեղծարարութեանց դէմ պայքարի փորձի ուսումնասիրման նպատակով Լեհաստան ու Չեխիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները եւ անոնց հիման վրայ խումբի կողմէ մշակուած նախնական առաջարկները, ինչպէս նաեւ՝ նշուած պետութիւններուն փորձի հնարաւոր ներդրումը եւ կիրառումը Հայաստանի մէջ։ Կազմակերպութեան նախագահին համաձայն, ընտրուած են միայն այն առաջարկները, որոնց իրականացումը հնարաւոր է Հայաստանի մէջ։
Նոր նախագիծի առաջարկներէն մէկը կը նշէ, որ հարկաւոր է վերահսկել պետական տարբեր մարմիններուն կողմէ իրականացուող գնումները։