Շուէտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Շուէտի մէջ բնակող 16ամեայ իրաքցի գաղթական մը յաջողած է լուծել թուաբանական խնդիր մը, զոր ձախողած էին լուծել մասնագէտներ՝ անցնող 300 տարիներու ընթացքին։
Մուհամմատ Թումայմի չորս ամիս աշխատելէ ետք յաջողած է «Պեռնուլլիի թիւեր» կոչուած թուաբանական հարցը բացատրել եւ զայն պարզաբանելու ձեւ գտնել։ «Պեռնուլլիի թիւեր»ուն հեղինակն է 17րդ դարու զուիցերիացի թուաբանագէտ Ժաքոպ Պեռնուլլի։
Վեց տարի առաջ Շուէտ փոխադրուած Թումայմի յայտնեց, որ կեդրոնական Շուէտի Ֆալըն քաղաքի երկրորդական վարժարանին մէջ իր ուսուցիչները նախ չեն համոզուած իր աշխատանքով։ Ապա ան կապ հաստատած է Շուէտի յառաջատար կրթական հաստատութիւններէն Ուփսալայի համալսարանի փրոֆեսէօրներուն հետ, եւ անոնցմէ խնդրած է աչքէ անցընել իր աշխատանքը։ Վերջիններս հաստատած են լուծումը, եւ նոյնիսկ Թումայմիին առաջարկած են Ուփսալայի համալսարանին մէջ աշխատիլ։
Սակայն, իրաքցի գաղթականը որոշած է իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել դպրոցական դասերուն վրայ, եւ ծրագրած է թուաբանութեան ու բնագիտութեան ամառնային յաւելեալ դասերու հետեւիլ: