ԵՐԵՒԱՆ.- Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային կոնգրէսը (ՀԱԿ), որ ըստ Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական արդիւնքներուն ապահոված էր քուէներու 17.3 տոկոսը, որոշած է մաս չկազմել Երեւանի աւագանիին:
ՀԱԿը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները գնահատած է անօրէն:
Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին, ՀԱԿի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած է, որ իր կուսակիցները պիտի հրաժարին աւագանիի անդամ ըլլալէ: