ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայ գրողներու միութեան բարերար անդամ գրող Հրանդ Սիմոնեան հաստատած է ամենամեայ գրական մրցանակ՝ 1000 տոլար գումարով, որ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան միջոցով պիտի շնորհուի տարուան լաւագոյն բանաստեղծին եւ արձակագիրին, իւրաքանչիւրին՝ 500 տոլար: Գրական այս մրցոյթին մասնակցողը պէտք է իր ստեղծագործութիւնները յանձնէ միութեան՝ լրացնելով հետեւեալ պայմանները.
– Չափածոն՝ առաւելագոյնը 15 բանաստեղծութիւն, ընդամէնը՝ 30 էջ:
– Արձակը՝ առաւելագոյնը 5 պատմուածք, ընդամէնը՝ 30 էջ:
– Նիւթերը համակարգչային շարուածքով (8.5 X 11 ինչ թղթաչափով), պէտք է յանձնուին մինչեւ Յուլիսի վերջը՝ AWAOC, 410 E. Fairview Ave, # 3, Glendale CA 91207 հասցէով, կամ awaoc@yahoo.com համացանցային հասցէով:
Մրցոյթի արդիւնքը միութիւնը պիտի հրապարակէ Հոկտեմբերի սկզբը:
Մրցանակաբաշխումը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, միութեան գրական նիստին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ: