ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յառաջիկայ գրական հանդիպումը, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 4ին, երեկոյեան ժամի 7-9ը, գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard St.):
Տեղի պիտի ունենայ գրող Նիկոլա Ստեփանեանի «Ազատութիւն, որ լուսաւորում է աշխարհը. Ամերիկա» գիրքի շնորհահանդէսը: Գրական զեկուցում պիտի ներկայացնէ բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեանը: Հրաւիրուած է գրասէր հասարակութիւնը: