ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մայիս 26ին, բաժնետոմսերու շուկաները մեծ ոստում մը արձանագրեցին, երբ հաղորդուեցաւ, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին տնտեսութեան հանդէպ ամերիկացիներուն վտահութիւնը անակնկալօրէն աճած է՝ հասնելով 54.9 կէտի: Տնտեսագէտներ կ՛ակնկալէին, որ վստահութեան չափանիշը հասնի 42 տոկոսի, Ապրիլ ամսուան ընթացքին արձանագրուած 40.8ին փոխարէն: Մայիս ամսուան վստահութեան չափանիշը ամենաբարձրն է վերջին ութ ամիսներուն, իսկ մէկ ամսուան ընթացքին արձանագրուած ոստումը բարձրագոյնն է 2003ի Ապրիլէն ի վեր:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ բնակարաններու արժէքները այս տարուան առաջին եռամսեակին մրցանշային անկում մը եւս արձանագրած են (19.1 տոկոսով)՝ բաղդատած անցեալ տարուան առաջին եռամսեակի տուեալներուն, հասնելով 2002ի վերջաւորութեան արձանագրուած մակարդակին: