ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ, 9 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9ին, Կրիֆիթ Փարքէն սկիզբ առաւ Նաւասարդեան քայլարշաւը դէպի Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս ազգ. վարժարանի բակը, մասնակցութեամբ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու բազմաթիւ անդամ-անդամուհիներու: Այնուհետեւ, ժամը 10:30ին, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութիւնը վարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Կարինէ Աւաննէս:
Ապա, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, զոր գեղեցկօրէն կատարեցին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արի-արենոյշները:
Նաւասարդեան ջահի օրհնութիւնը կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հովիւ Վիգէն քահանայ Վասիլեանը, որ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցելէ ետք, շնորհաւորեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման առիթով:
Օրհնուած ջահը յանձնուեցաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանին, որ հպարտութեամբ բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերը:
Նաւասարդեան մարզախաղերու մասնակից հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներու անունով մարզական երդումը կատարեց ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզիկուհիներէն Անի Գահվէճեան: Իսկ Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Շրջ. Վարչութեան Նաւասարդեանի պատասխանատու եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեան, որ ընդգծելով Նաւասարդեանի կարեւորութիւնը թէ՛ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի եւ թէ՛ յատկապէս շրջանի հայութեան, մատնանշեց միութեան կողմէ ի գործ դրուած այն զոհողութիւնները եզակի այս նախաձեռնութեան կազմակերպման համար:
Բացման հանդիսութիւնը եզրակացնելով Կարինէ Աւանէս, Նաւասարդեան յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս «Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս» ազգ. Վարժարանի տնօրէնութեան, որ վարժարանի ամբողջ տարածքը տրամադրեց ՀՄԸՄին, ինչպէս նաեւ Թաշճեան ընտանիքին, իրենց օգտակար ներդրումը ցուցաբերելուն համար հանդիսութեան յաջողութեան:
Այնուհետեւ Նաւասարդեան Մարզախաղերը պասքէթպոլի մրցումներով սկիզբ առին նոյն վարժարանի մարզադաշտին վրայ:
Նաւասարդեան մարզախաղերը պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, շրջանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ, որոնց մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել Նաւասարդեանի առիթով ստեղծուած www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին: Կարելի է հեռաձայնել նաեւ Շրջանային Վարչութեան գրասենեակը՝ (323) 344- 4300