ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան վճռաբեկ ատեան մը Երկուշաբթի, Մայիս 11ին անակնկալօրէն որոշեց ազատ արձակել մօտաւորապէս հինգ ամիս առաջ ձերբակալուած ամերիկեան եւ իրանեան հպատակութիւն ունեցող լրագրող Ռոքսէնա Սապերին, որ լրտեսութեամբ ամբաստանուած էր:
32ամեայ լրագրողին փաստաբանները ատեանին դիմած էին խնդրելով մեղմացնել լրագրողին դէմ արձակուած ութ տարուան բանտարկութեան վճիռը: Ատեանը որոշեց բանտարկութեան վճիռը երկու տարուան իջեցնել ու անմիջապէս որոշեց առկախել այդ վճիռին գործադրութիւնը, որուն շնորհիւ ենթական կրցաւ նոյն օրն իսկ բանտէն ազատ արձակուիլ:
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Իրան տեղի տուած է այս հարցով բանեցուած դիւանագիտական միջազգային ճնշումներուն: