ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ եւ յարաբերութիւններու վարիչ Գայեանէ Դուրգարեան լրատուամիջոցներուն յայտնած է, թէ չորս ամիս ծանր հիւանդութենէ ետք, Երկուշաբթի, Մայիս 11ին իր մահկանացուն կնքած է 77 տարեկան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեան:
Հ. Իգիթեան ծնած է 1932 թուականին: 1989-91 թուականներուն եղած է Խորհրդային միութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, 1980ին ստացած է արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչում: Ան շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ է, ինչպէս՝ «Մինաս Աւետիսեան», «Ժամանակակից հայ արուեստ», «Արամ Իսաբէկեան», «Յովնաթանեաններից մինչեւ Մինաս» եւ այլն: