ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Մայիս 8ին, արցախեան պատերազմի 1ին կարգի 8 հաշմանդամներ ստացան ձեռքի կառավարման ինքնաշարժներ: Բանալիներու յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ստեփանակերտի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ, եւ այս անգամ ձեռամբ նոյնինքն բարերարին՝ Սուրէն Աւագեանի, որ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով նման նուիրատուութիւն կը կատարէ:
Բարերարներու եւ պետական ամավարկի յատկացումներուն շնորհիւ հաշմանդամներու ինքնաշարժ տրամադրելու ծրագիրը սկսած էր 2008ին, երբ պատերազմի 1ին կարգի 25 հաշմանդամներ ստացած էին նմանանատիպ մեքենաներ: