Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէին, Կիրակի, 26 Ապրիլ, 2009ին, պատարագի արարողութենէն ետք, Արարատ գերեզմանատան մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն, ընկերներ, համակիրներ, «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ընկեր-ընկերուհիներ, ՀՄԸՄի սկաուտ քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք երկիւղածութեամբ ծաղկեպսակ զետեղեցին հերոսին յուշարձանին: Հոգեհանգստեան կը նախագահէր Հրանդ քհնյ. Սրապեանը:
Յուշարձանին դիմաց գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիրը, որուն հանդիսավարութիւնը կատարեց Եդուարդ Մկրտիչեան: Անդրադառնալով Ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներուն՝ ան ըսաւ. «Անոնք կեղծանուններով զգեստաւորուած կ՛ապրէին օտար երկիրներու մէջ եւ ապահով կը զգային իրենց թաքստոցներուն մէջ, սակայն սխալեր էին»:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արա Քէնտիրճեան՝ արտասանութեամբ, Սեւակ Ճիյէրեան՝ անգլերէնով «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին խօսքը փոխանցելով: «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեան, Ցեղասպանութեան եւ կազմակերպիչներուն մասին համառօտ ակնարկ մը նետելէ ետք, մանրամասնութեամբ ներկայացուց «Նեմեսիս» գործողութիւնն ու անոր իրագործած ահաբեկչութիւնները: Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան, Արտաշէս Գէորգեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Զարեհ Մելիք Շահնազարեան եւ ուրիշ անյայտ նեմեսիսական հերոսներ, որոնք իրենց վրիժառու բազուկներով մայթերուն վրայ զգետնեցին Թալէաթ եւ Հալիմ փաշաները, Ճեմալ Ազմին, Պէհաէտտին Շաքիրը, Էնվէրը, Ֆաթալի խանը, æիվանշիրը եւ ուրիշներ:
Իր խօսքը փակելով՝ Հաւաթեան ըսաւ. «Սիրելի համակիրներ եւ ընկերներ. կանգնած ենք «Նեմեսիս»ի հերոսներէն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին առջեւ, որ 15 Մարտ, 1921ին, Պերլինի Հայտեմպըրկ պողոտային վրայ զգետնեց Թալէաթը. վստահ ենք, որ այս պահուն, իւրաքանչիւրիս սրտին ու հոգիին մէջ կ՛արձագանգէ օսմանեան խորհրդարանի մէպուս՝ (երեսփոխան-Խմբ.) Գրիգոր Զօհրապի պատգամը. «Ես հաշիւ կը պահանջեմ, որպէս հայ մէպուս»: Մենք հաշիւ կը պահանջենք, որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներ, մէկ ու կէս միլիոն նահատակ մեր հայրերուն ու մայրերուն, մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք չարչարանքներով իրենց հոգին աւանդեցին արաբական աւազոտ անապատներուն մէջ, անօթի, ծարաւ»:
Յայտագրին հանդիսավարը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք «ամէն տարի գալով իրենց ուխտը կը կատարեն եւ վերանորոգուած կը հեռանան «Արարատ» գերեզմանատունէն եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանէն»:
Հանդիսութիւնը «Վէրքերով լի» երգով վերջ գտաւ: