Սիրելի պատանի ընթերցողներ, «Շողեր»ու այս թիւով ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնենք Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի կարգ մը աշակերտներու մտորումներ, գրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին առթիւ:
Ե. Կարգ
1915ի Ապրիլ 24ին, թուրքերը տեղահան ըրին հայերը եւ քալելով տարին դէպի Տէր Զօրի անապատները. չարչարեցին, ուտելիք եւ խմելիք չտուին եւ անոնք որոնք փորձեցին փախչիլ՝ սպաննեցին։ Շատերն ալ կենդանի թաղեցին։ Թուրքերը նպատակ դրած էին՝ ոչնչացնել ամբողջ հայ ազգը։
Ես կը սիրեմ կարդալ եւ իմանալ այդ ժամանակաշրջանին մասին, որովհետեւ այդ նիւթը շատ կը յուզէ զիս։ Շատ կը ցաւիմ այդ մարդկանց համար, որոնք նահատակուեցան: Պիտի չմոռնամ անոնց ջարդը եւ միշտ պիտի պատմեմ այդ մասին բոլոր մարդկանց, որ ամբողջ աշխարհը իմանայ։
ՇԱՆԹ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Այս տարի Ապրիլ 24ի համար տարբեր զգացումներ ունէի։ Կարծում էի, որ թուրքերը ընդունելու են մեր հայերի Ցեղասպանութիւնը։
Ամերիկայի նախագահ՝ Պարաք Օպաման այս տարի Թուրքիա գնաց հայերին ու թուրքերին բարեկամացնելու համար, բայց դժբախտաբար թուրքերը հրաժարուել են լուծել այդ հարցը, բայց ես հաւատում եմ, որ մեր հայ ժողովուրդը միահամուռ ուժերով կը պայքարի մինչեւ վերջ եւ յաղթանակով կը լուծեն մեր հայկական հարցը։
ՀՐԱՉ ՀԱՄԶՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 24ին հետ կապուած ամէն մի հայ ընտանիք ունի տխուր յուշեր՝ իրենց մեծ տատիկների եւ պապիկների վերաբերեալ։ Նշելով այս օրը, փորձում ենք մեր ցաւը կիսել իրարու հետ։ Փորձում ենք նաեւ բողոքել եւ մեր տխրութիւնն ու ցաւը ցոյց տալ բոլոր աշխարհին եւ արդար որոշում պահանջել բոլոր ազգերից՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու համար։
ԼԻԱՆՆԱ ԱՅԴԻՆԵԱՆ
1915ին թուրքերը մեր ժողովուրդը ջարդեցին եւ իւրացուցին մեր հողերը։ Շատ վատ կը զգամ պատահած ջարդին համար։ Մեծ հօրս հայրը նահատակուեցաւ ջարդին։ Այս օրը մենք երբեք չենք մոռնար: Ես իմ ընտանիքիս մէջ ջարդէն վերապրող ունիմ։ Ան միշտ կը պատմէ որ ինչ չարչարանքների մէջէն անցած են եւ ան ինչպէս մինչեւ հիմա կ՚ապրի։
Երբ Ապրիլ 24 կու գայ, մայրս իր ինքնաշարժին վրայ փոքրիկ դրօշակ մը կը դնէ, իսկ ես, զարմիկներուս հետ քայլարշաւի կÿելլեմ այդ օրը։
ՄԱՆԻԿ ՍՈՒԵԱՆ
Ապրիլ 24ը շատ տխուր օր մըն է մեզի համար։ Թուրքերը տատիկիս մօրն ու հօրը մեռցրին։ Տատիկս որբ մնացել էր եւ ես շատ տխուր եմ տատիկիս համար։ Ան միայն չորս տարեկան էր, երբ իր ծնողքը կորցրեց։ Ինք մինակ իր փոքր եղբօր հետ էր ապրում՝ հօրեղբօր տանը։
ԳՈՀԱՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Ամէն տարի Ապրիլ ամսուն կը յիշենք մեր 1.5 միլիոն նահատակները, կը քալենք թրքական հիւպատոսարանին առջեւ՝ ցոյց տալու, որ մենք չենք մոռցած 1915ի ջարդը եւ պիտի պայքարինք մինչեւ յաղթանակ։
Ծնողքիս հետ միշտ ներկայ կ՚ըլլամ Ապրիլ 24ի յատուկ ձեռնարկներու եւ ամբողջ հոգիովս կը տխրիմ եւ հայու պզտիկ հոգիիս մէջ բարկութիւն կը լեցուի, թէ թուրքերը ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս իմ նախահայրերս ջարդած են եւ մեր հողերը գրաւած են։
Ամէն տարի մեծնալով, աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը, ինչո՛ւ պէտք է հայերէն խօսիմ եւ հայերէն կարդամ, ինչպէ՛ս կրնամ հայ դատին օգնել եւ խելացի հայ մը դառնալով՝ ազգիս պարծանք բերել։
ՊԵՏԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Է. Կարգ
Հազար ինը հարիւր տասնհինգ թուին,
Շատ անմեղ հայեր, թուրքին
զոհ գացին…
Թուրք օսմանները չխնայեցին,
Մեծեր ու փոքրեր սուրի
տակ առին,
Մէկ ու կէս միլիոն հայեր
ջարդեցին:
Բոլոր հայերը ոտքի են կանգնել,
Դաժան թուրքի դէմ՝ բողոք բարձրացրել,
Որ նրանք ընդունեն այդ
եղեռնը մէծ,
Բայց չար թուրքերը՝ մերժում են անվերջ:
Բայց մի օր կը գայ բոլոր ազգերը,
Կընդունեն աշխարհում այս
մեծ եղեռնը,
Որ ետ դարձնեն հողերն հայոց,
Որ չկրկնուի նման մէծ ոճիր…
ԵՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ
Այսօր, Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի շարք մը երկիրներու կողմէ, բայց ոչ բոլոր։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տակաւին չէ յայտարարած ընդունումը այդ դժբախտ դէպքին եւ մենք պէտք է ամէն գնով պայքարինք մեր հողերուն համար։ Թէեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու ճանապարհը շատ դժուար պիտի ըլլայ, մենք պէտք է մեր բոլոր կամքով աշխատինք եւ պայքարինք մեր իրաւունքներուն ու հողերուն համար, ինչպէս մեր պապերը նահատակուեցան մեզի համար։
ԱԴԱՄ ԿԷՄՐԻՐՃԵԱՆ
1915էն դեռ առաջ, Թուրքերը Հայերուն հողերը կ՛ուզէին գրաւել եւ իրենց կրօնքը փոխել։ Մէկ ու կէս միլիոն հայեր նահատակուեցան՝ իրենց հայրենիքին, կրօնքին եւ ազգին համար։
Երախտապարտ եմ մեր նախահայրերուն, որոնք նահատակուեցան, որ Հայ ազգը ապրի։ Մենք պարտաւոր ենք, հայու հետ ամուսնանալ, հայ ընտանիք կազմել եւ մեր զաւակները Հայկական վարժարաններ ղրկել։ Հպարտ պէտք է ըլլանք մեր հայութեամբ եւ մեր Հայ սերունդն ու ազգը պահենք, հայ գիրն ու գրականեւթիւնը սորվինք։
ԱՆՆԱ ԳՅՈԶԱԼԵԱՆ
Ես հայ աշակերտուհի մըն եմ: Այս շաբթուան ընթացքին ցուցադրուած տեսաժապաւենները շատ յուզեցին զիս: Մեր դպրոցը՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսը ամէն տարի ոքեկոչում կը պատրաստէ, ուր երգեր, պարեր, ոտանաւորներ կ՛արտասանուին: Լաւագոյն ծրագիրը մոմավառութիւնն էր, որուն ընթացքին ուխտեցի, որ հայութիւնս բարձր պահեմ եւ չմոռնամ, որ հայ եմ։
ՌՈԶՄԷՐԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Շատերը հարց կÿուտան թէ ինչու թուրքերը Հայ ժողովուրդին սկսեցին սպաննել եւ անապատում ջարդել: Որովհետեւ նրանք անսիրտ են եւ նախանձոտ։
Շատ սփիւռքահայեր այսօր պայքարում են այս դէպքը ճանաչել տալու համար, իսկ շատերն էլ կամաց-կամաց սկսում են ձուլուել։ Եթէ մենք պայքարում ենք մեր ազատութեան համար, բայց նոյնիսկ չենք գիտեր մեր անունները գրել՝ մեր մայրենի լեզուով, արդէն այլեւս պայքարելը իմաստ չունի։ Շատ աշակերտներ կÿասեն «Ի՞նչ իմաստ ունեն հայերէնի դասերը»։ Իմաստը այն է, որ մեր պատմութեան մէջ մեր լեզուն եւ մեր կրօնքն են մեզ պահել եւ անոնցմէ հրաժարուելով մենք Թուրքերուն ցոյց կու տանք, որ իրանք իրանց ուզածին հասան։
ԱԼԻՍ ԽԱՉՄԱՆԵԱՆ
Ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, աշխարհի չորս ծագերուն, միլիոնաւոր հայեր կը հաւաքուին ու կÿարշաւեն իրենց իրաւունքին համար, ցոյցեր կը կատարեն, որ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հոգիները հանգստանան։
Իբրեւ հայ աշակերտ, մասնակցութիւնս միշտ պիտի բերեմ մեր ազգը պահելու համար։
Ամէն հայ երեխայ պէտք է անդամ ըլլայ հայ կազմակերպութիւններու, հայկական վարժարաններ յաճախէ, հայ մթնոլորտի մէջ մեծնայ, որ չմոռնայ իր լեզուն եւ պատմութիւնը եւ բոլոր աշխարհին եւ Թուրքիոյ ճանչցնել տայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
ՎԻՎԵԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Ամէն տարի Ապրիլ 24ը կը յիշենք մեծ սուգով։ Զարմիկներուս հետ բողոքի ցոյցի կը մասնակցինք։ Հոն մենք 2-3 ժամ կը գալենք եւ մեր իրաւունքները կը պահանջենք։
Այս շաբաթ հայերէնի պահուն մենք կարդացինք Անդրանիկ Ծառուկեանի պատմութենէն հատուած մը։ Պատմութեան մէջ ան որբ է, որովհետեւ թուրքերը ջարդեցին իր ընտանիքի անդամներէն մեծ մասը եւ ան շատ տխուր մանկութիւն անցուցած է որբանոցին մէջ։
Մենք աշակերտներս ամէն տարի Մեծ Եղեռնին համար շապիկներ կը պատրաստենք, վրան գրուած՝ « 1915 Never Again», օտարներուն բացատրելու թուրքերուն կազմակերպած ջարդը եւ հայ ժողովուրդին տառապանքը։
ՔՐԻՍՏԻՆ ԱԶԱՏԵԱՆ
94 տարի առաջ Ապրիլ 24ին էր, երբ թուրքերը ջարդեցին մեր մտաւորականները եւ սպաննեցին 1.5 միլիոն հայ: Անոնց մէկ մասը արդէն կոտորուած էր Սուլթան Համիտին կողմէ, որ որոշած էր հայերը աշխարհի երեսէն բնաջնջել։ Անսիրտ թուրքերը հայոց հողերը գրաւեցին եւ մեր ժողովուրդին մինչեւ Սուրիոյ անապատները քալել պարտադրեցին։
Բայց հայերը երբեք պիտի չոչնչանան: Մենք պիտի պահանջենք մեր հողերը եւ մեր 1.5 միլիոն նահատակների արեան հատուցումը եւ ինչպէս Պարոյր Սեւակ ըսած է. «Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»։
ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Սիրելի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսի Ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմի ներկաներ եւ աշակերտներ։
Մօտաւորապէս մէկ դար անցած է, հայոց պատմութեան ամենէն տխուր օրէն։
Ցեղասպանութենէն ետք, վերապրող հայեր Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուեցան եւ 1965 թուականին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ յիշատակին առթիւ, Քալիֆորնիոյ խումբ մը հայեր ներկայացնելով հայկական համայնքի քաղաքական եւ կրօնական խմբաւորումները, պէտքը զգացին հիմնելու յուշարձան մը՝ հանրային հողի վրայ, յիշատակելու համար ցեղասպանեւթեան զոհերը։
Բազմաթիւ ժողովներէ ետք, Մոնթեպէլլօ քաղաքը, հայերուն բլուր մը նուիրեց։ Յուշարձանի շինարարութիւնը սկսաւ 1967ին եւ աւարտեցաւ 1968ին ու արդէն պատրաստ էր Ապրիլ 24ի յիշատակութեան օրուան։ Հայրենիքէն շատ հեռու, օտար ափերու վրայ, շուրջ 10,000 հայեր, առաջին անգամ ըլլալով, հաւաքուած էին՝ ոգեկոչելու անմար յիշատակը իրենց նախահայրերուն։
Տպաւորիչ եւ յուզիչ ներկայութիւն էր բոլորին համար, բայց նաեւ գոհունակութեան զգացում կը ցոլար բոլոր հայ դէմքերուն վրայ, ունենալով մնայուն տեղ մը, քով-քովի հաւաքուելու, ձեռք-ձեռքի տալու եւ միասնաբար ձայնը բարձրացնելու եւ լսելի դարձնելու՝ բոլորին։
Վարձքը կատա՛ր այդ յանձնախումբին, որ յուշարձանը կառուցելու մտայղացումը ունեցաւ եւ յարատեւեց, մինչեւ, որ այդ երազը դարձաւ իրականութիւն։
Մենք, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսի աշակերտներս, ամէն տարի, առանց բացառութեան կ՛այցելենք Մոնթեպէլլոյի յուշարձանը՝ ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներու ջարդը։
Մենք չենք մոռցած մեր նախահայրերուն արիւնը եւ պիտի չի չմոռնանք երբեք, մինչեւ, որ հասնինք մեր արդար իրաւունքին։ Վստահ եմ, որ ուշ թէ կանուխ, օր մը, անպայման պիտի հասնինք։
Փաստը հոս է՝ իմ եւ ձեր ներկայութիւնը։
ՅԱԿՈԲ ԳԱԼԱՆՃԵԱՆ
(Արտասանուած՝ Մոնթեպէլլոյի Եղեռնի յուշարձանի 7րդ կարգի դասարանային այցելութեան ընթացքին):