Երէկուան «Ասպարէզ»ը տեղեկագրած էր, թէ Մարտ 2ին, «Թուրքիոյ Սինչան շրջանի Քրէական բարձրագոյն ատեանը որոշեց բեկանել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը սկսողներուն դէմ դատը կասեցնելու Անգարայի դատախազութեան որոշումը, որուն հետեւանքով դատը կրնայ վերաբացուիլ»:
«Հիւրրիյէթ»էն առնուած այս լուրին մէջ կը յիշատակուէր նաեւ, որ հայերէն ներողութիւն խնդրող ստորագրահաւաքին մասնակցողներուն թիւը ներկայիս 29,000էն հազիւ քիչ մը բարձր է:
Ստորագրողներու թիւի աճի պատկերը ուսումնասիրելով՝ կրնանք հաստատել, որ վերջին երկու ամիսներուն ընդհանրապէս հետաքրքրութիւնը այդ ստորագրահաւաքին հանդէպ նուազած է ու շատ փոքր թիւով մարդիկ իրենց անունը դրած են ներողութեան կայքէջին վրայ:
Դատարանի այս որոշումը, սակայն, կրնայ փոխել իրավիճակը յօգուտ ստորագրահաւաքի վերաշխուժացման:
Արդարեւ, ներողութիւն հայցելու արշաւի նախաձեռնողները չդատելու որոշումը, եթէ մէկ կողմէ արեւմտեան աշխարհին մէջ կէտեր ապահովեց Թուրքիան աւելի ժողովրդավար ներկայացնելու ճիգերուն, ապա միւս կողմէ նաեւ հարցը թրքական մամուլի էջերէն դուրս բերաւ իբրեւ անկարեւոր իրադարձութիւն եւ այդպիսով մարեց հետաքրքրութիւնը անոր շուրջ:
Նաեւ, ներողութեան արշաւի գաղափարն ու անոր Թուրքիոյ պէս երկրի մը մէջ հնարաւոր ըլլալը, կրնար օգտագործուիլ եւ վստահաբար կ’օգտագործուէր թրքական պետական-դիւանագիտական շրջանակներուն կողմէ, այդ փաստն ալ մաս դարձնելով հայ-թրքական երկխօսութեան մը գործընթացին, որուն մէկ ու միակ նպատակը միջազգային ատեաններու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ձախողութիւնն է, անոր դուրսբերումը՝ այդ ատեաններու օրակարգերէն կամ ուշադրութեան շրջանակէն: Հիմա, թրքական դիւանագիտութեան քարոզչական զինանոցը կը կորսնցնէ ազդեցիկ միջոց մը, որ պիտի սկսի աշխատիլ իրեն դէմ, իբրեւ ժողովրդավարական սկզբունքներու ոտնակոխման ապացոյց: