«Փոքրիկ Հայաստան»ի աշխարհագրական սահմաններէն ներս 40 տարիներէ ի վեր կը գործէ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանը: Իր կառոյցով՝ համեստ, սակայն հոն յաճախող հայ աշակերտի երազանքներով՝ բարձր ու վսեմ:
Այսօր արագ ակնարկ մը նետենք հայ վարժարանի սովորական առօրեային:
Մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգի աւարտական աշակերտները, նոյն հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ դպրոց կը յաճախեն ամէն օր: Առաւօտեան 8էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4, Ալէք Փիլիպոսը քիչ մը աւելի «կը հայացնէ» Հոլիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան»ի թաղերը:
Անցեալ շաբաթ բաւական խճողուած էր բարձրագոյն կարգերու առօրեան: Մինչ մանկապարտէզը գրեթէ իր աւարտին կը հասցնէ գրաճանաչութեան ընթացքը, 5րդ դասարանը բնագիտական տարրական գիտելիքներով կը հարստացնէ իր միտքը: Անդին 8րդ կարգը հայոց պատմութեան պանծալի էջերէն մէկը՝ Վարդանանց պատերազմը կը թերթատէ, իսկ երկրորդական կարգերու աշակերտները իրենց կիսամեայ քննութիւնները կը յանձնեն՝ ամբողջ կէս տարուան իրենց սորված գիտելիքներուն ստուգումը կատարելու համար:
Պատկերներով կը նկատենք անոնց «տագնապները» բակին մէջ սերտած միջոցին կամ քննութեան սրահներէն ներս, երբեմն նոյնիսկ իրենց ուսուցիչներուն հետ վերաքաղ մը կատարած միջոցին…
Թէեւ անոնք շատ զբաղած են ու ճնշուած, սակայն գրիչ շարժելու իրենց փափաքը միշտ վառ է ու արթուն…
Ապագայի բարձր ձգտումներով ու թռիչքներով, մեր աշակերտները իրենց միտքն ու հոգին կը դարբնեն հայ վարժարանի տաքուկ յարկէն ներս:
Վայելեցէ՛ք հայ աշակերտը… զանազան տարիքներով եւ վիճակներով: