ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանը 2008-2009 դպրոցական տարեշրջանը սկսած է՝ որդեգրելով նախամանկապարտէզի նոր ծրագիր մը, երբ Անահիտ Աւետիսեան, որ նախապէս Դ. եւ Ե. կարգերու ուսողութեան ուսուցչուհին էր, ստանձնեց նախամանկապարտէզի ուսուցիչի պաշտօնը:
Անահիտ Աւետիսեան իր մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է «National» համալսարանէն, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն. Նախքան «Արշակ Տիգրանեան» վարժարան գալը, ան ուսուցչական փորձառութիւն շահած է պետական եւ սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդելով: Ան կը հաւատայ, թէ աշակերտները լաւապէս կը սորվին ուսուցողական խաղերու ճամբով, յուսալով պատրաստել այնպիսի աշակերտներ, որոնք միշտ նորը սորվելու ծարաւը ունենան: Ան նաեւ կարեւոր կը նկատէ ուսուցիչ-ծնողք համագործակցութիւնը:
1200 N. Cahuenga Blvd. հասցէին վրայ գտնուող վարժարանը ունի նախամանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. կարգի դասարաններ: Հետաքրքրուող ծնողները կրնան հեռաձայել (323) 461-4377 թիւին կամ այցելել վարժարանի համացանցային կայքը՝
www.dickranianschool.org հասցէով: