Թրքահայութիւնը ահագին ճամբայ կտրած է՝ ճնշուած իր նախքին հոգեվիճակէն դուրս գալու համար:
Անցեալին, հասկնալի նկատառումներով միշտ զգուշաւոր այս համայնքի ներկայացուցիչներն ու մտաւորականները, պարտաւոր էին համակերպուիլ թրքական պետութեան անուղղակի թէ ուղղակի խտրական վերաբերմունքէն բխած կարգադրութիւններուն, եւ լռութեամբ տանիլ ամէն տեսակի ազգային վիրաւորանք ու նսեմացում:
Փոխուած է իրավիճակը:
«Սարը Կէլին» անունով յայտնի դարձած խայտառակութեան դէմ անմիջական, կտրուկ ու անվարան ընդվզումն ու բողոքը, հրապարակաւ ծառացումը, լաւագոյն արտայայտութիւնն է այս փոփոխութեան:
Մնալով օրինապահ քաղաքացիներ՝ թրքահայ մտաւորականներ, հայկական դպրոցներու տնօրէններ, չվարանեցան բացայայտելու իրենց հակադրութիւնը պետական կարգադրութեան մը, որուն զոհ պիտի դառնար առաջին հերթին հայ մատաղ սերունդը, ինչպէս նաեւ թրքական նախակրթական վարժարաններու աշակերտութիւնը՝ ստայօդ քարոզչութեան մը պատճառած հոգեխեղումին ենթարկուելով:
Վճռական եւ ուժեղ հակազդեցութիւնը կու գայ նաեւ ապացոյց մը եւս տալու, թէ թրքահայութիւնը ինքզինք մինակ չի զգար այլեւս այդ երկրին մէջ: Ան իր թիկունքին կը զգայ նոյն ինքն թուրք ժողովուրդի զաւակներուն ընտրեալ խաւի մը, արուեստագէտ ու մտաւորական փայլուն հատուածի մը (անոնց լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն Էճէ Էմէլքուրանի յօդուածը կարդացէք էջ 10ի վրայ), որուն թիւը օրէ օր ձիւնագնդակի պէս կ’աւելնայ:
Այդ խաւին ազդեցութիւնը, ի յաւելումն այլ նկատառումներու, որոնց շարքին անշուշտ պէտք է դնել եւրոպական կառոյցներուն միանալու փափաքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու հրապարակուած քաղաքականութիւնը չվտանգելու ջանադրութիւնը, մղեցին թրքական կառավարութիւնը նահանջելու բարձրացած ալիքին դիմաց եւ ետ քաշելու իր կարգադրութիւնը:
Այս արագ գործընթացը վստահաբար պիտի ունենայ իր զարգացումը, իր ամենայն ազդեցութիւններով եւ հակազդեցութիւններով, առաւել եւս փոխելով մթնոլորտը Թուրքիոյ տարածքին: