Աւստրալահայ դասախօս դոկտ. Արմէն Կաքաւեանն է թրքական մամուլի հայկական հարցերը շրջուած հայելիի մէջ ներկայացնելու փորձի հերթական զոհը:
«Ասպարէզ», Երեքշաբթի օրուան իր թիւով, գլխաւորաբար հիմնուելով Երեւանի «Երկիր Մետիա»ի զգուշաւոր լրատուութեան վրայ, հրապարակած էր «Աւստրալահայու մը նախաձեռնութիւնը կը խանդավառէ թրքական մամուլը» վերնագրով տեղեկագրութիւնը:
Խմբագրութիւնս, անմիջապէս դոկտոր Կաքաւեանէն ստացած է ճշդումի եւ յստակացման գրութիւն մը, զոր, արծարծուած հարցի քարոզչական ու քաղաքական նշանակութիւնը նկատի ունենալով՝ կը ներկայացնենք իր գլխաւոր կէտերուն մէջ:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթի կիրակնօրեայ թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, որուն անմիջապէս արձագանգած են թրքական մամուլի եւ լրատուութեան այլ միջոցներ, խեղաթիւրելով աւստրալահայ դասախօսին խօսքերը՝ գրած էր, թէ ան, իբրեւ պատասխան թուրք մտաւորականներու կողմէ հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւին, իր կարգին ձեռնարկած է արշաւի մը՝ ներողութիւն խնդրելու համար թուրքերէն՝ թուրք դիւանագէտներու սպանութեանց համար, որոնք կատարուած էին հայ մարտիկներու կողմէ եօթանասունական թուականներէն սկսեալ:
Կաքաւեանի յստակացումէն կ’իմանանք, որ իր հարցազրոյցին մէջ ան ակնարկած է միայն թուրք մտաւորականներու արշաւին պատասխանելու, իրենց խիզախութեան համար անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու սեւագրութեան մը պատրաստութեան: Ոչ մէկ խօսք եղած է «ներողութիւն խնդրել»ու մասին, իսկ թուրք դիւանագէտներու սպանութեան վերաբերեալ, իր խօսքերը դուրս բերուած են իրենց իսկական պարունակէն: Կաքաւեան կը հաստատէ, որ ինք կը ցաւի այդ դէպքերուն համար, սակայն ո՛չ անոնց տարողութիւնը որեւէ ձեւով համեմատելի է Ցեղասպանութեան, եւ ո՛չ ալ ներողութիւն ըսելու խնդիր եղած է: Պարզապէս՝ «շնորհակալ եմ արշաւին համար եւ կը ցաւիմ դիւանագէտներու սպանութեանց համար»:
Ի դէպ, դոկտ. Կաքաւեան նաեւ կը յստակացնէ, որ Տիթրոյիթէն դոկտ. Տէնիս Փափազեան ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած է այս հարցին հետ, ո՛չ սեւագրութիւն պատրաստելու գործին ո՛չ ալ արշաւ մը ձեռնարկելու հեռաւոր իսկ մտադրութիւնը ունեցած է:
Արձագանգելով դոկտ. Կաքաւեանի յստակացումին, ինչպէս նաեւ այս առթիւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան, ուր կը շեշտուի հայութեան անխորտակելի միասնութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, պարզապէս խորհուրդ պէտք է տալ թրքական մամուլի պատասխանատուներուն, թէ արագ հաղորդակցութեան այս դարաշրջանին անիմաստ է խեղաթիւրումներով փորձել կէտեր շահիլ, որովհետեւ այդպիսի փորձերով, վարկ ու վստահութիւն կորսնցնելով՝ աւելի մեծ վնաս կը պատճառեն թէ՛ իրենց եւ թէ երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ բարեացակամ տրամադրութիւնները զարգացնելու միտող օգտակար ճիգերուն, որքան ալ սաղմնային ըլլան անոնք այս հանգրուանին: