Լոս Անճելըսի հանրային գրադարաններու համակարգը թէեւ Փոքր Հայաստանի սահմաններուն մէջ մասնաճիւղ չունի, սակայն անոր մերձակայքը կը գործեն երեք մասնաճիւղեր:
Անոնցմէ առաջինն է Լոս Ֆելիզի մասնաճիւղը (Los Feliz Branch Library): Գրադարանին հասցէն է 1874 Hillhurst Avenue, Los Angeles, CA 90027, հեռաձայնի թիւը՝ (323) 913-4710, իսկ համացանցային կայքին հասցէն՝ www.lapl.org/branches/Branch.php?bID=36:
Երկրորդն է՝ Հոլիվուտի շրջանային գրադարանը՝ «Frances H. G. Hollywood»ը, որուն հասցէն է 1623 N. Ivar Ave., Hollywood, CA 90028, հեռաձայնի թիւը՝ (323) 856-8260, եւ համացանցային կայքին հասցէն՝ http://www.lapl.org/branches/Branch.php?bID=11:
Երրորդ գրադարանն է՝ Քահուէնկայինը, որ կը գտնուի 4591 Santa Monica Blvd., Los Angeles, CA 90029։ Հեռաձայնի թիւն է (323) 664-6418, իսկ համացանցային կայքին հասցէն՝ http://www.lapl.org/branches/Branch.php?bID=20:
Գրադարանները կը կազմակերպեն զանազան տարիքի յատուկ ծրագիրներու շարք մը եւ կը տրամադրեն համակարգիչի դասընթացքներ:
Այս գրադարաններու ժամերուն եւ ձեռնարկներուն ամբողջական ցուցակը տեսնելու համար կարելի է այցելել անոնց համացանցային կայքէջը: