Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, Փետրուար 14, 2009 տօնն էր Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայման, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնընդառաջ )Տէրնտես(։ Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2009ին, երեկոյեան ժամը 6։00ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։
Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ Վիգէն Աւ. քհնյ. Վասիլեան, շրջապատուած աւագ սարկաւագներով եւ հաւատացեալներով՝ կատարեց երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։ Ժամերգութենէն ետք, ան իր օրուան պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին Տեառնընդառաջի խորհուրդի մասին։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէս Յիսուս Մանուկի Ծնունդէն քառասուն օրեր ետք, իր մայրը՝ Մարիամ Աստուածածին, եւ հայրը՝ Յովսէփ, զինք տաճար տարին՝ Աստուծոյ ընծայելու, եւ հոն Յիսուս Մանուկը դրին Սիմէոն ծերունիին գրկը։
Ան խօսեցաւ նաեւ աւանդութիւն դարձած խարոյկի մասին եւ նշեց, որ խարոյկը առնուած է նախաքրիստոնէական՝ հեթանոսական ժամանակներէն։ Սակայն այսօր, կրակը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսը՝ իբրեւ կրակ եւ լոյս, մաքրող ու զտող։ Ան մաղթեց, որ Քրիստոսի ընծայումը առիթ դառնայ մեր բոլորին, որպէսզի մենք մեր սրտերն ու հոգիները մաքրենք Քրիստոսի կրակով եւ մենք զմեզ ընծայենք Աստուծոյ։ Ան պատգամեց, որ կառչած մնանք մեր աւանդութիւններուն եւ զանոնք փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն:
Ապա, հաւատացեալներ խորանէն բերուած մոմէն իրենց ձեռքի մոմերը վառելով՝ տէր հօր, աւագ սարկաւագներու եւ հոգաբարձութեան անդամներու առաջնորդութեամբ յառաջացան դէպի եկեղեցւոյ ձախակողմեան կանգառը, ուր տէր հայրը վառեց խարոյկը։ Ապա կրակին շուրջ հնչեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր։
Հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ, իրենց նորածին երեխաները իրենց գիրկերը առած՝ խարոյկին շուրջ դարձան։ Շատեր քաջաբար ցատկեցին կրակին վրայէն։ Հաճելի եւ խրախուսիչ էր տեսնել նշանուած եւ նորապսակ զոյգեր, ձեռք ձեռքի բռնած, հաւատքով եւ յոյսով լեցուն ակնկալութիւններով կը ցատկէին կրակին վրայէն։