Դաշնակցութիւնը, խորհրդային, աւելի ճիշդը պոլշեւիկեան քարոզչութեան համաձայն, անկախացած Հայաստանի պետական գանձը՝ ոսկիները, գողցաւ ու փախաւ Փարիզ:
Փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձին առիթով չենք ուզեր անդրադառնալ մեր պատմութեան ամէնէն տխուր իրադարձութիւններէն՝ պոլշեւիկ հայերու ազգադաւութեան, իրենց ձեռքերով կատարուած եղբայրասպան ոճիրներուն, որոնք ոչ միայն մեր նորանկախ պետութիւնը ծունկի բերին, այլ անհասկնալի մոլագարութեամբ ատելութիւն սերմանեցին իւրայիններու հանդէպ՝ չխորշելով կացինահարելու հայ մտաւորականներու սերուցքը եւ գլխատելու հայոց բանակի հրամանատարութիւնը:
Ապստամբութիւնը այդ բոլորին դէմ ընդվզումի արտայայտութիւնն էր: Ինքնաբուխ պոռթկում մը, զայն պարզապէս ղեկավարելու կոչուած Վրացեաններու, Կարօ Սասունիներու, Խմբապետ Մարտիրոսներու զինակիցներու կողմէ. ընդվզում մը, որ ունէր իր մէջ պատգամ մը՝ փոխանցելի Հայաստանն ու հայ ազգը գերվարել փորձող օտար գաղափարախօսութեան ու անոր կրողներուն դէմ:
Պատգամը. մի փորձէք ստորացնել մեզ, մեր ազգը, մեր մշակոյթը, մեր արժէքները: Եթէ փորձէք, մենք կը յորդինք, կը պոռթկանք ու մեր խելայեղ ըմբոստութեամբ կը տապալենք այդ բոլոր փորձերը: Պոլշեւիկեան վարչակարգի տակ մնացած հայ ժողովուրդը տէրը եղաւ այդ պատգամին՝ մինչեւ Փետրուարեան իր երկրորդ պոռթկումը, վաթսունեօթը տարի ետք՝ Ղարաբաղեան հոյակապ շարժումը:
Վերադառնանք ոսկիի պատմութեան: Փետրուարեան ապստամբութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ ոչ թէ պետական գանձերը փախցնելու ի Փարիզ, կամ այլուր, այլ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ափ մը մտաւորականներու, կուսակցական եւ արդէն երկու տարուան փորձով պետական գործիչներու համար փրկութեան ճանապարհ մը բանալու: Ճանապարհ դէպի արտերկիր, ոչ թէ սեփական մաշկը փրկելու համար, այլ, ինչպէս փաստը ցոյց տուաւ, Սփիւռքը կազմակերպելու, անոր մէջ ազգային ոգին, հայակական անկախ պետականութեան յոյսը վառ պահելու ազգանուէր գործը կատարելու համար: Եւ այդ փրկուածները ի՛նչ փառաւոր կերպով կատարեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը. համակարգուած կերպով կազմակերպուեցան Սփիւռքի բոլոր գաղութները, որբերու սերունդէն կազմուեցաւ պահանջատէր, պայքարող սերունդ, դրուեցան հզօր ազգային կառոյցներու հիքմերը, կառոյցներ, որոնք այսօր ալ հայկական շունչը վառ կը պահեն օտար ափերու վրայ:
Այո, այդ ուղեղն է, այդ մարդիկն են, որոնք փրկուեցան պոլշեւիկեան կացիններէն:
Փա՜ռք Փետրուարեան ասպտամբութեան եւ անոր հերոսներուն: