«Համազգային»ի մեծ ընտանիքին համար այլեւս աւանդութիւն դարձած է Mosaic անուան տակ, ամէն տարի մեր հանրութեան հրամցնել հայկական նուագախումբերով եւ հայ արուսետագէտներու ելոյթներով միատեղ ելոյթ մը:
Այս բոլորը անոր համար, որ «Համազգային»ը իբրեւ Կրթական եւ մշակութային միութիւն, միշտ մօտէն հետեւած է հայ երկսեռ երիտասարդներով կազմուած այս խումբերուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձած է զանոնք ներառնել իր կազմակերպած հրապարակային բոլոր ձեռանարկներու գեղարուսետական բաժիններէն ներս եւ այս ձեւով քաջալեր հանդիսանալ, կամ լաւագոյն պարագային, զանոնք նման յատուկ ձեռնարկի պիտակին տակ մշակութասէր հանրութեան ներկայացնել:
Mosaic-ներու տարուէ տարի շարունակական այս ծրագիրը լաւագոյն վկան է այս բոլորին: Արդ, երկու տարի առաջ, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Mosaic I ձեռնարկը, որուն ամերիկածին հայ երկսեռ երիտասարդներու հանճարով ճոխացած յայտագիրին մասնակցած էին Նիւ Եորքէն մինչեւ Լոս Անճելըս, հայկական նուագախումբեր եւ մեներգողներ: Ասոր յաջորդեց 2008ի սկիզբի Mosaic II ելոյթը, որուն ընթացքին դարձեալ, «Համազգային»ը հայ եւ օտար ամէն տարիքի հասարակութեան հրամցուց ամերիկածին հայկական նուագախումբերով երգի ու երաժշտութեան բազմաշերտ ճաշակը:
Իսկ այս տարի Կիրակի, 8 Մարտ, 2009ին, երեկոյեան ժամը 6ին, դարձեալ Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Համազգայինի» Mosaic III ձեռնարկը: Այս նախաձեռնութիւնն ալ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ցարդ կազմակերպած հրապարակային ձեռնարկներուն մէջ գեղեցիկ աւանդութիւն մը ըլլալով՝ հարցազրոյց մը ունեցանք Շրջանային վարչութեան այս ձեռնարկի կազմակերպիչ պատասխանատուներ Թամար Աբգարեանի եւ Մանիշակ Մարգարեանի հետ: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հացրազրոյցէն ամփոփ հատուածներ:
Այսօր հպարտալի երեւոյթ է, որ կարգ մը հայկական նուագախումբեր ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած են անուանի ու հռչակաւոր իրենց երգերով եւ երաժշտութեամբ:
Այս տարի Mosaic III Concert-ին մաս պիտի կազմեն «Լաւաշ-Lavach» (Ֆրանսայէն), «Սեպուհ-Sebu» եւ Վահագն Տորղութեան (Լոս Անճելըսէն) նուագախումբերը, արուսետագէտ նուագողներն ու մեներգողները:
Ձեռնարկը պիտի ունենայ նաեւ իր հանդիսավարները՝ Լորի Թաթուլեան եւ Ոգի Գալֆայեան:
Ստորեւ՝ յայտագիրին մաս կազմող արուեստագէտները.
1.- «Լաւաշ-Lavach» (Ֆրանսայէն)
Ֆրանսա-հայկական նուագախումբ մը, որ կազմուած է չորս ֆրանսաբնակ արուսետագէտներէ, որոնցմէ մէկը հայուհի մըն է (Հայաստանէն), իսկ միւսները՝ Լեհաստանէն, Գոնկօէն եւ Մեքսիքայէն:
Հետաքրքրական խումբ մը, որ իր յայտագիրը պատրաստած է հայկական եւ պալքան երկիրներու երաժշտութեամբ եւ անոր ստեղծագործութիւններով: Բայց միայն այսքանով կարելի չէ գոհանալ, այլ ասոնց վրայ կ’աւելնան Մակեդոնական, Ռումանական նոյնիսկ Ալճերական երաժշտութիւն:
2.- «Սեպուհ – Sebu»
Անծանօթ դէմք մը չէ Սեպուհ Սիմոնեանը: Արդէն ան հաստատ անուն մըն է իր նուագախումբով, ամբողջ Լոս Անճելըսի տարածքին:
Ան յաճախ «Համազգային»ի եւ այլ մշակութային ձեռնարկներու հրապարակային յայտագիրներէն ելոյթներ ունենալով՝ տարբեր փայլք եւ ճոխութիւն տուած է: Տակաւին անցեալ Յունուարին West Hollywood-ի House of Blues-ի թատերասրահին մէջ, ան ելոյթ ունեցաւ եւ մեծ գնահատանքի արժանացաւ: Ան եւս իր նոր նուագախումբով, տարբեր երանգ եւ գոյն պիտի տայ Mosaic III Concert-ի յայտագիրին:
3.- Վահագն Տորղութեան-Vahagn Turgutyan
Նոր արուսետագէտ մը՝ իր կիթառով, ֆլամենկոյի կատարումներով եւ հայկական եղանակներով: Ան վերջերս աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս շատ յաջող շրջապտոյտ մը կազմակերպած էր՝ զարմացնելով երաժշտասէր օտար հասարակութիւնը:
Mosaic III Concert ձեռնարկի մուտքի տոմսերու գիներն են՝ $75, $50, $35 եւ $15.
Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, 818-935-3555 թիւին եւ կամ www.itsmyseat.com կայքէջին:
Եկէք միասնաբար վայելենք հայ եւ օտար հաճելի երգն ու երաժշտութիւնը, մեր երիտասարդ արուսետագէտներու ստեղծագործութիւններով:
—————————
Խօսք Երախտագիտութեան
Յունուար 30 եւ Փետրուար 1, 2009ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադրանի սրահին մէջ յաջողութեամբ պսակուեցաւ Սփիւռքահայ ծանօթ գրագէտ-մտաւորական, ֆրանսաբանակ Գրիգոր Պըլտեանի նուիրուած ելոյթը:
Այս առթիւ, սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը կը հրապարակեն շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իրենց ազնիւ խօսքերը այն բոլոր նուիրատուներուն եւ հովանաւորողներուն, որոնց նիւթական անսակարկ զոհաբերութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ երկօրեայ այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել:
Ստորեւ՝ հովանաւորողներու ցանկը.
Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեան- $1000
Բաբգէն եւ Մարժօլին Սասունի- $100
Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեան- $100
Հրաչ եւ Արմիկ Մամիկոնեան- $100
Տոքթ. Սահակ եւ Քաթրին Պաղտասարեան- $100
Նուպար եւ Թրէյսի Ուզունեան- $100
Տոքթ. Մհեր Պապեան- $100
Լեւոն եւ Սիւզան Հապէշեան- $100
Բարսեղ եւ Սօնա Թօփճեան- $50
Կարօ եւ Մաքօ Սեդրակեան- $50 Յունուար 30 եւ Փետրուար 1, 2009ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադրանի սրահին մէջ յաջողութեամբ պսակուեցաւ Սփիւռքահայ ծանօթ գրագէտ-մտաւորական, ֆրանսաբանակ Գրիգոր Պըլտեանի նուիրուած ելոյթը:
Այս առթիւ, սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը կը հրապարակեն շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իրենց ազնիւ խօսքերը այն բոլոր նուիրատուներուն եւ հովանաւորողներուն, որոնց նիւթական անսակարկ զոհաբերութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ երկօրեայ այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել:
Ստորեւ՝ հովանաւորողներու ցանկը.
Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեան- $1000
Բաբգէն եւ Մարժօլին Սասունի- $100
Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեան- $100
Հրաչ եւ Արմիկ Մամիկոնեան- $100
Տոքթ. Սահակ եւ Քաթրին Պաղտասարեան- $100
Նուպար եւ Թրէյսի Ուզունեան- $100
Տոքթ. Մհեր Պապեան- $100
Լեւոն եւ Սիւզան Հապէշեան- $100
Բարսեղ եւ Սօնա Թօփճեան- $50
Կարօ եւ Մաքօ Սեդրակեան- $50
————————————————————————–
Համազգայինի Ժամանակացոյց
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կը հովանաւորէ նորակազմ «Սիսիան» թատերախումբի անդրանիկ ներկայացումը՝ Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ Լռութիւն»ը, Կիրակի, 1 Մարտ, 2009ին, Կլէնտէյլի Stars թատերասրահին մէջ՝ 417 N. Brand Blvd., Glendale, CA 91206:
Մուտքի տոմսերու գիներն են՝ $40, $35 եւ $20.
Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, 818-935-3555 թիւին եւ կամ www.itsmyseat.com կայքէջին: