ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանէն կու գաս՝ արձակուրդի: Սփիւռքի մէջ մեծցած հայ, ազգական-բարեկամներուդ մեծագոյն մասը արձակուրդի կ’երթայ Հայաստան: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել զգացումներդ այս պատկերին մէջ:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԷԱՆ.- Պիտի չուզէի տեղս փոխանակել իրենց հետ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Սփիւռքէն հայրենիք՝ տուն: Թուականներով ու վայրերով խնդրեմ ներկայացուր կենսագրութեանդ գլխաւոր կէտերը:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Երեք հանգրուանով.
Առաջին՝ 1996ին, Նիկոլին հետ պսակուեցայ Գեղարդ, որոշեցինք եւ 1999ի Նոյեմբերի թէժ օրերուն միասին հաստատուեցանք Հայաստան: Ինչ որ իրագործած ենք, կամ չենք, գոհունակութիւն կու տայ ըսելու՝ մեր ձեւովը փորձեցինք:
Երկրորդ՝ 1986ին հաստատուած եմ Քանատա: Բազմակողմանի մաքուր երկիր է: Այդտեղ զարգացաւ իմ կազմակերպչական կարողութիւնս աշխատանքային տարբեր փորձերով, սէր մանկագրութեան նկատմամբ եւ ժողովրդավարութեան կիրառման հասկացողութիւն:
Երրորդ՝ Լիբանան: Երեսուն տարի: Ազգային դաստիարակութիւն եւ գործունէութիւն, ինքնախաբէութիւն եւ անվերջանալի քաղաքացիական պատերազմ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Վերադարձի առաջին տարիներդ եւ վերջին տարիներդ ինչպէ՞ս կը համեմատես: Վիպապաշտութիւնը դեռ կ’ապրի՞ մէջդ, թէ արդէն Հայաստան ապրիլը դարձած է սովորական:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Այո, մինչեւ այն ատեն, որ Արարատին կը նայիս եւ կ’ուզես սահմանին այս կողմը տեսնել. Արագածն ալ գեղեցիկ է բայց վիպապաշտութեան ջերմաչափը Արարատն է. միշտ կը նայիմ Արարատին:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ գործով կը զբաղիս: Ինչո՞ւ ընտրեցիր այդ աշխատանքը: Մրցակցութիւնը, հարկային հարցերը հնարաւոր կը դարձնե՞ն բնականոն կերպով աշխատելու, ապրուստ ապահովելու, լաւատեսութեամբ նայելու ապագային:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Առաջին տարին թուրիզմով սկսանք զբաղիլ: Միաժամանակ մնայուն աշխատանք կը փնտռէինք: Շուտով հասկցանք, թէ բոլորին համար աւելի լաւ է որ մենք նոր աշխատատեղի ստեղծենք, այդպէս Նիկոլը ստեղծեց «Բարեւ» տունը, որ 10 սենեկանոց հիւրանոց է: Այդ ժամանակ Երեւանի մէջ փոքր հիւրանոցներ կամ հիւրանոցներու մէջ ընտանեկան մթնոլորտ չկար: Կը կարծէին, թէ ամէն տոլար շահող կրնայ մեծ գումարներ ծախսել եւ թէ ամէն մարդ կը փնտռէ VIP սպասարկութիւն: Չորս տարի միասին աշխատելէ ետք, Նիկոլը գնաց շինարարութեան եւ ես մնացի «Բարեւ» տուն: Գործս ուրախ աշխատանք է, կը սիրեմ որ ամէն այցելու, տխուրն ու ուրախը տեսնելէ ետք դրական յիշողութիւններով բաժնուի ու ցանկութիւն ունենայ շուտով վերադառնալու երկիր:
Այսօր ե՛ւ մեծ ե՛ւ փոքր հիւրանոցներու թիւը Երեւանի ու իր արուարձաններուն մէջ շատցած է, այցելուներու նկատմամբ վերաբերմունքը բարելաւուած: Մրցակիցս վարձակալութեամբ տրուող յարկաբաժիններն են, որոնք աւելի յարմար գիներ կ’առաջարկեն: Ես 6 անձի աշխատանք ստեղծած եմ եւ հարկ կը վճարեմ, իրենց գիներուն հետ չեմ կրնար մրցակցիլ:
Հարկայինը դեռ որոնումներու մէջ է. մինչեւ երկու տարի առաջ «Բարեւ»ը, իբրեւ փոքր պիզնէս, պարզեցուած հարկով կ’աշխատէր եւ 5 տոկոս հարկ կը վճարէր: Անցեալ տարի վերցուեցաւ պարզեցուած հարկը եւ մենք ալ մեծ պիզնէսի նման «աւելցուած հարկով» (value added tax) աշխատեցանք ու 18.5 տոկոս հարկ վճարեցինք: Այս տարի հարկային օրէնքը նորէն փոխուած է, բայց մանրամասնութիւնները տակաւին չեմ գիտեր:
2006ն ու 2007ը լաւ տարիներ էին: 2008ը «Բարեւ»ին համար բարեյաջող չէր. հիւրանոցը վերանորոգեցինք եւ նախկին տարիներու չափ այցելու չունեցանք: Մինչեւ միջազգային ճգնաժամի վերջը, թուրիզմը լաւատես ըլլալու տրամաբանական պատճառ չունի ընդհանրապէս ամէն տեղ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Հասարակական գործունէութիւն կը տանիս: Զէյթունի մանկատունին օժանդակելու նախաձեռնութիւններ կը կատարես: Կրնա՞ս մանրամասնել:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Զէյթուն մանկատունով սկսաւ: Մեր Հայաստանի առաջին տունը Զէյթունի մէջ էր. օր մը գիտցանք, թէ երկու թաղ անդին մանկատուն մը կայ, այսինքն՝ մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու որբանոց: Պետութիւնը երեխաներուն սնունդի եւ խնամակալներուն փոքր ամսավճար կու տայ: Միայնակ ծնողներ իրենց երեխաներԸ մանկատուն կը տանին՝ ապահովելով տաք սենեակ, սնունդ, ուսում. կան նաեւ ֆիզիքապէս ու մտային թերաճ երեխաներ ու երկկողմանի որբեր: Սկիզբը հագուստ եւ սնունդ կը տանէինք. աւելի ուշ Նիկոլը նորոգեց իրենց լուացքատունը, բաղնիքները, իսկ պատուհանները դարձուց եւրոլուսամուտ: Լուացքի մեքենաներ, հեռուստացոյցներ, խոհանոցային սարքեր… երեխաներուն տարինք Գեղարդ ու Գառնի: Քանի մը տարիէ Նիկոլը կը հոգայ նաեւ «Զատիկ» որբանոցի համալսարանական ուսանողներուն ճանապարհածախսը:
Եօթը-ութ տարի առաջ Հայաստանի մանկատուներու մասին ընդհանրապէս չէին գիտեր. տարուած աշխատանքը ստեղծեց ալիքներ, որոնք մինչեւ հիմա կը շարունակուին: Լոս Անճելըսէն կը յիշեմ Շուշիկը, որ երիտասարդականի ընկերներով նախ մեզի հետ որբանոց այցելեց եւ Նոր տարուան նուէրի տոպրակներ բաժնեց: Յետոյ, տարիներով Շուշիկը Նոր տարուընէ առաջ դրամահաւաք կը կազմակերպէր եւ տարբեր որբանոցներու նուէրներ կը տանէր: Թորոնթոյէն եւ այլ տեղերէ երիտասարդներ ամառները որբերուն հետ արուեստի դասեր կը կազմակերպեն, անգլերէն կը սորվեցնեն: Դեկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ որբերու համար նուէրահաւաք կազմակերպած էին:
Միաժամանակ վերաբերմունքը փոխուեցաւ հայաստանցիներուն մէջ, քաղաքացիական գիտակցութիւնը զարգացաւ: Այսօր տարբեր հասարակական կազմակերպութեանց անդամներ, կամաւոր կա՛մ դասերու կ’օգնեն, կա՛մ մշակութային միջոցառումներ կը կազմակերպեն: Նոր տարուան օրերուն կ’այցելեն, քաղցրեղէն կը տանին: Լրատուութիւնը կ’անդրադառնայ մանկատուներու հարցերուն: Նիւթապէս կ’օգնեն: Երեք տարի առաջ «Իզմիրեան» հաստատութիւնը բացի տանիքէն, հիմնովին վերանորոգեց Զէյթունի մանկատունը:
Մինչեւ Պռօշեան գիւղ փոխադրուիլը, երեք տարի առաջ, աւելի աշխոյժ գործունէութիւն կը տանէինք. այժմ կեդրոնացած ենք Պռօշեանի վրայ: Նիկոլը կառուցեց յուշարձան մը՝ Արցախի զոհուած ազատամարտիկներուն նուիրուած, վերանորոգեց գիւղի բուժկէտը եւ մարզադահլիճ-ակումբը: Մեր աշխատանքներուն ընթացքին մեզ օգնած են մեր ընտանիքները, ընկերները եւ ծախսերը կիսուած են Զուիցերիայէն Մայք Պարոնեանի հետ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Երեւանի մշակութային կեանքը վայելելու ժամանակ եւ առիթ ունի՞ս: Ո՞րն է ամէնէն հաճելի ժամանցդ:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Երեւանի հմայքներէն մէկը՝ իր անցեալի եւ ներկայի հարուստ մշակութային կեանքն է. կը սիրեմ ե՛ւ նկարչական ցուցադրութիւնները ե՛ւ պատմական թանգարանները կրկին այցելել, կը սիրեմ Սարդարապատի թանգարանը, բայց ոչ շատ տաք օրերուն, կը սիրեմ Մեծամօրի թանգարանը, որ պատկերացում կու տայ նախաքրիստոնէական Հայաստանի քաղաքակրթութեան մասին: Կը սիրեմ երբ Գեղարդի վերի քարայրին մէջ ինչ որ քառեակ մը անակնկալ մատուցէ: Աշնան՝ կը սիրեմ թատրոնը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ամուսինդ՝ Նիկոլը, ինչ գործով կը զբաղի: Այդ ոլորտէն ներս վիճակը բարեյոյս կը մնա՞յ: Աւան մը կառուցելու ծրագիրը ո՞ւր հասաւ: Սփիւռքահայերու հետ միասին, կողք կողքի եւ առանձնացած ապրելու մօտեցումը ճիշդ կը գտնե՞ս այսօր:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Իբրեւ նախասիրած զբաղում, Նիկոլը տարի մը առաջ հողագործութեամբ սկսաւ զբաղիլ, ծառեր կը տնկէ եւ աստիճանաբար ագարակապան կը դառնայ: Համատիրութեան սկզբունքով հողագործութիւն կը ստեղծէ արտասահմանցի հողատէրերուն համար, որոնց հողը կը մշակուի եւ շահն ու վնասը կը կիսուի կողքի հարեւաններուն հետ:
Վանահովիտ թաղամասի 21 տուներու շինարարութիւնը աւարտած է. Ութ տուն մնայուն բնակիչ ունի, անոնցմէ երեքը հայաստանցի է: Մնացած տուներու բնակիչները ամառնային, աշնանային սփիւռքահայ այցելուներ են, որոնք կը ծրագրեն օր մը տեղափոխուիլ Հայաստան: Տուները, ներքին իմաստով, open concept-ի կը հետեւին, թաղամասին մէջ կայ նաեւ լողաւազան: Հայաստանցին կը սիրէ, որ խոհանոցը բաց չըլլայ, հարեւանը իր կնոջ լողազգեստով չտեսնէ եւ առանձնատան հետ հող ունենայ: Օր մը նախընտրութիւնները կը փոխուին:
Քասքատի մէջ Նիկոլը իր գործընկերներով՝ Վիգէնի ու Հրաչի հետ, կը բարձրացնէ երկու շէնքեր:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Մանկական հրատարակութիւններ ունիս: «Ոստոստիկ» կերպարի մասին ի՞նչ կրնաս ըսել: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մանկական գրականութեան վիճակի մասին կրնա՞ս գնահատումներ կատարել:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Մէկ տարի է, որ սկսած եմ հրատարակել «Ոստոստիկ»ի շարքը, ցարդ տպուած է երեք պատմութիւն: Նախատեսած եմ 7էն 10 տարեկաններու համար: Հերոսը սկիւռիկ մըն է, որ մեծնալու ընթացքին պիտի յայտնաբերէ իր թոյլ եւ զօրաւոր կողմերը, պիտի ծանօթանայ տարբեր կենդանիներու, փորձէ հասկնալ մարդը: Գիրքերը պատկերազարդ են, իսկ պատմութիւնը միաժամանակ կը պատմուի մէկ կողմը արեւելահայերէնով, իսկ միւս կողմը՝ արեւմտահայերէնով:
Մանկական գրականութիւնը հաւաքածոյ է Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի եւ Թումանեանի վերահրատարակութիւններուն, օտար գրականութենէ թարգմանութիւններու: Հայաստան մանկական լաւ հանրագիտարաններ կան: Սփիւռքի մէջ նոր ստեղծագործութեան հեղինակները մատի վրայ կը հաշուես՝ Անահիտ Սարգիսեան, Վերա Սիսեռեան եւ պատմութեան մէկական հեղինակ՝ այստեղ այնտեղ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Իբրեւ հայրենադարձ՝ որեւէ խտրականութիւն, որեւէ նախապաշարում կամ յատուկ դրական կամ ժխտական վերաբերմունք կը նկատե՞ս ապրած ու աշխատած միջավայրիդ մէջ:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Հարցումին հարցումով պատասխանեմ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ դրական կամ ժխտական վերաբերմունք կը նկատէ՞ք հայաստանցիներու նկատմամբ:
Տարբեր հնչումներով կը խօսինք, ընկերային տարբեր արժէքներ ունինք, ե՛ւ դրական ե՛ւ ժխտական վերաբերմունք կայ իրարու նկատմամբ, բայց նոյն երկրի տէրերն ենք, նոյն ժողովուրդի զաւակները, ու դրականը սկսած է զօրանալ:
Աւարտելով՝ Նոր տարուան բարեմաղթանք մը՝ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին:
Լոս Անճելըսը virtual Հայաստան մը ստեղծած է իր մէջ: Կը մաղթեմ ձեզ բարգաւաճում եւ թէժ կապ հայրենիքին հետ: